Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/210

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բերէն կը գրէր, կքաշխատակցէր արաբական մամուլին ու... ամէնէն կարեւորը, հայ գրականութիւնն ու հայ մշակոյթը կը ներկայացնէր արա­բերէնով. դարձած էր թարգմանիչ։

Նաղարեանր, քսան տարի աշխատեցաւ Հալէպի Ազգային Արաբա­կան Մատենադարանին մէջ ու վերահասու դարձաւ պարունակութեանը այն բազմաթիւ արաբերէն գիրքերուն, ուր բաբի խօսք կար հայ անհատներու եւ հայ ժողովուրդի մասին։

Մենք յաճախ կը տեսնուինք հայոց մասին գրուած յօդուածի մր, թարգմանուած գիրքի մը, բաբի լուրի մր առիթներով։

Օր մը իմացուր ինծի, որ փունջ մը քերթուած թարգմանած է Թէքէեանէն։ Ըսի իրեն, Ըսթէզ Նազար, փունջ մը քերթուած ալ թարգմանէ Գէորգ էմինէն, երկու գիրք մէկ անգամէն հրատարակենք։ Ւսկ հրատա­րակութեան համար դրա^մ, հարցական նայեցաւ դէմքիս Ըսթէզր։ Դրամը պատրաստ է, ըսի:

Վահան Թէքէե անին գիըքը կոչուեցաւ «Աղօթք Վաղուան Սեմին Առջեւ», որուն յառաջաբանը գրեց ինք, իսկ էմինի գիրքր «քսաներորդ Դար», որուն յառաջաբանը գրելու բաժինը վիճակուեցաւ ինծի։

Մեր երկու բանաստեղծներուն գիրքերր լոյս տեսան։ Արաբական եօթ թերթ: գրախօսականներ գրեցին էմինի գործին մասին։ Այդ գրախօսականները Հայաստան տարի եւ անձամբ յանձնեցի Գէորգ էմինին։ Միասին ելանք Ծաղկաձոր, Հայ Գրողներու Տուն, նստեցանք Նորայր Ադալեանի եւ Յուսիկ Խանդա մուրի հետ։ էմինը ըսաւ, վաթսունամեակիս մեծագոյն նուէրր քերթուածներուս արաբերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսնելն էր:

Պատմեցի էմինին, որ ինչպէս Հարաւային Եէմէնի մէկ թերթին մէջ գրախօսել տուի իր գիրքր եւ թէ ինչպէս Թունուզի Արտաքին Գործոց Նախարար Մուհամմէտ Մէզէլիին անձամբ տարի իր արաբերէնի թարգ­մանել տուածս հայ գրականութենէն վեց անուն գիրք. եւ ահա ստացայ նամակ։ արաբ նախարարէն, ուր կ*ըսէր, թէ էմինն ու Թէքէեանր տա­ղանդաւոր բանաստեղծներ են, ու ինծի շնորհակալութիւն կը յայտնէր, բոլորովին օտար գրականութիւն մը, հայ գրականութիւնը իրեն ծա­նօթացնելուս համար։

Մեթր Նազարեան, նախապէս թարգմանած էր Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երդը», որ արժանացած էր բարձը գնահատանքի թէՀ անհասներու, թէ* մամոլիին կողմէ։ Ապա թարգմանեց Եղիշէ Զարենցի «Ամբոխ-Խելապար ուած»ը, Վարդգէս Պետրոսեանէն պատմուածքներու գիրք մը, գրեց յօդուածներ Գառգուի, Արշիլ ^ոթ<թիի մասին։ Պատրաստ ունի շատ թարգմանութիւններ։

Շրջան մը Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութե ան Երկրորդական Վարժարանին