Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/211

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տնօրէնութիւնը վարեց։ կարդ մը անհամութիւններու պատճառով հե­ռացաւ։ Խիս տ նեղուած էր։ Գացի իր մօտ; Նազար, ըսի, ով կրնայ գրիչը առնել քու ձեռքէդ։ Ոչ ոք։ կարեւորը գոր&ն է։ Յու գործերդ մնալուն են։ Թող հայ դպրոցին տնօրէնը ուրիշ մէկը ըԱայ։ Դուն թարգմանէ։ Յու գործդ սուրբ է։ Մեթր Նազարեան կը շարունակէ արաբերէնով ներ­ կայացնել հայ գրականութիւնը։

Արմենիա ճաշարանի Ամիրեան փողոցին նայող բաժինին մէջնստած կը ճաշէի։ ծրեւանեան պայծառ օր մրն էր։ ճաշարանը նոր բացուած էր ու երեւանցիք իրաւունք ունէին ուրախանալու մայրաքաղաքին տրուած այս նուէրին համար։

կողքի սեղանին շուրջ, նստած էր տարիքր յառաջացած նիհարաւուն մարգ մը, որ կզակին ունէր մօրուք յիշեցնող թելերու խուրձ մը։ Երբեմն– երբեմն ակնարկս ակամայ կիյնար այդ դէմքին, դէմքիս վրայ հարցական մը նկարելով։ Արդեօք ո՜՝*վ էր։

Յանկարծ, շատ մը րաներ մենք կր կարծենք, որ կը կատարուին յանկարծ, այդ մարդուն սեղանէն փակ տուփ մը գլտորուելով աղմուկով ինկաւ գետին, ներկաներէն շատերուն ակնարկը ուղղելով այդ մարդուն վրայ։

Գիտութեան ո^ր օրէնքին հետեւեցաւ գլտորուող տուփը։ Զարմա­նալու ինչ կայ։ Տուփը եկաւ կանգնիլ ոտքերուս տակ։ Անմիջապէս վեր­ցուցի ու յանձնեցի տիրոջը։

Մօրուքաւոր մարդը շնորհակալութիւն յայտնեց ան գլեր էն ով։ Ուրեմն օտարական մրն էր։ Այնքան անոյշ էր ձայնր, որ կարծէք բաբի լոյս ձեզ, կ իսէր։

Փոխադարձ յարգանքով, կրնա^մ ձեր մօտ նստիլ րսի։ Գլխու շարժումով՝ այո ըսաւ մարդը ու յետոյ, միշտ անգլերէնով ու ձեռքով աթոռը ցոյց տալով.– Հրամեցէք...

Մենք ծանօթացանք։ ԱՈՄՒՆ ՎեկՆԷՈն էր։ Այն գերմանացի գրագէտը, որ հայկական ջարդի օրերուն գտնուած էր Արեւմտեան Հայաստան, ապրած էր սարսափը մեր ժողովուրդին կրած տառապանքին, նկարած էր հարիւրաւոր խուժդուժ տեսարաններ, վերադարձած Գերմանիա, մամուլին մէջ ձայն բարձրացուցած յանուն հայ Ժողովուրդին, ՂՒՐՔ գրած ապա, ֆաշիզմի վախէն հալածական, կորսնցուցած էր հետքը ու անցած Իտալիա։

Հիմա, Հռոմի մէջ կապրէր։ Ւնք, Արմին Վեկնէրր, մեծ վկաներէն