Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/215

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԱՐԵԱՆին մասին շատ բան չեմ գիտեր: Պարսկահայ գրող է։ Տեսնուեցանք Երեւանի մէջ։

Եր պատմուածքները, համով հոտով յո*-շերը կը կարդամ սփիւոքահայ մամուլի մէջ:

կարծէք տէրվիշ մըն է, միջին դարու ապրող ւոէրվիշ մը, որ հաղար տարուան հեքիաթները կր պատմէ գիշերր մինչեւ լոյս: Կր պատմէ ու Իր պատմածները վերջ չունին: Ես այդ տէրվիշին բերնէն կախուած մտիկ կ քընեմ: Զեմ ձանձրանար:

Երեւան, մէկ քանի անգամ խօսելու առիթը ունեցայ իր հետ: Նոյն տէրվիշն էր, իր պատմուածքներուն տէըլքի1Ը։ ԼԱի/ր> քեղ մի բան պատմեմ կըսէր ու կր սկսէր:

Օր մրն ալ Աւետիս Եափուճեանը, «Արեւ»ի խմբագիրը, մօտենալով ինծի ու մատնացոյց ընելով Աարեանը, ըսաւ.– Խեղճը քաղցկեղով կը տառապի:

Անդրանիկ Սարեանր տառապողի երեւոյթ չունէր: Նոյն օրը, կանչեց զիս եւ ոտքի, սկսանք զրուցել; Խօսեցաւ քաղցկեղի մասին, ըսաւ թէ Լոնտոնէն կու գայ, ուր գացած էր բուժուելու: Ինծի ըսին, կր պատմէր Անդրանիկ, որ քաղցկեղ ունիմ Ջահանդամը, ունիմ, ունիմ: Ինչու ուրիշներ ունին եւ ես չունենամ: Ջահանդամը:

Կարծէր ուրիշի մր մասին կր խօսէր: Կարծէք քաղցկեղ ունեցողը ինքը չր/յար: Ջահանդամը:

Հինգ տարի անցած է մեր տեսակցութեան օրերէն: Անդրանիկը կայ, կապրի, պիտի լինի Թեհրանի մէջ: Մնացեալը։ ջահանդամը:

Նոր պատմուածքներ կր գրէ Անդրանիկ Աարեան: Ինծի ալ նամակ մը գրեց առանց հասցէն գիտնալու: Զարտուղի ճամբաներով, անձէ անձ փոխադրուէ/ով, իր նամակը գտաւ զիս Հալէպի մէջ:

Եատ ներողութիւն, Անդրանիկ Աարեան, տէըվիշ եղբայր, չպատասխանեցի քու նամակիդ: Րեզ լոելր աւելի անոյշ էր: Րայց քեղի չպատաս­խանելը աններելի յանցանք:

Հիմա, այս դիրը, կր յուսամ կը նկատես պատասխան նամակ ու կը շարունակես քու անհատնում պատմութիւններդ լոյսին բերել, որպէսղի պակսին աշխար հի ստուերները ու մթութեան խտութիւնը նօսրանայ, նօսրանայ...

Հալէպէն Թեհրան, ողջոյն քեզ, Անդրանիկ Աարեան: