Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/218

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օր մը այս բոլորը պատմեցի իրեն։ Լացաւ: Զիս անՀունօրէն ուրախացուցիր, ըսաւ։

Պիտի մեկնէի Երեւանէն։ Աւարտած էի բժշկական Համալսարանը։ Եկաւ, գիրքով մը շնորհաւորեց զիս։ Գաս մըն ալ այս էր ոսկեղէն նուէրներու սիրահարներուն։ Գիրք նուիրել։ Սրբազան գործ է։

Եկաւ ու խնդրեց ինձմէ, որ թանգարանին յանձնեմ ինչ որ ունիմ որպէս նամակ ու մակագրուած գիրք։ Այսի^նքն, ըսի, ինչպէ^ս հասկնամ ձեր ըսածը։ ճիշդ ըսուածին պէս, եղաւ իր պատասխանը, ուզում եմ, որ մեր թանգարանում Թորանեանր արխիւ ունենայ։ Լեզուս րռնուեցաւ պահ մը։ Ու քիչ յետոյ ուժերս հաւաքելով, րսի.~ Ես ով եմ, որ արխիւ ունենամ հայրենիքիս մէջ։ Իսկ թոյլ տուէք, ըսաւ Գոհար Ազնաւուրեան, որ այդ մէկը մենք որոշենք։

Տուի ինչ որ ունէի քանի մը հարիւր նամակ ու քանի մը տասնեակ գիրք եր նուիրուած։ ինծի ֆին լան տաղի, տանիմարքացի, հոլան տաղի, պելճիքացի, յոյն, ֆրանսացի, անգլիացի գրողներու եւ մտաւորականներու կողմէ, որոնց հետ կապեր ստեղծած էի։

Հետագային բազմապատկուեցան այդ թիլերը։

1980 թուականին, երբ Հայաստան գացի, առաջին օրը փնտռեցի զինք։ Մայրս վախճանած էր Հալէպի մէջ։ Փնտռեցի Գոհար Ազնաւուրեանը։ Ըսին, հանգստանալու գացած է Ծաղկաձոր, ու կր գտնուի Գրող­ ներու Հանգիստի Տան մէջ...

Գացի, գտայ զինք ահաւոր տխուր կացութեան մը մէջ։ Ւնծի չէին ըսած, կորսնցուցած էր աղջիկը, գրական քննադատ Սարդիս Սարինեանին կինը։

Ւրար գիրկ ինկանք լտլով։ Գուն արջիկդ կորսնցուցած ես րսի, իսկ ես մայրս։

Հալէպ, մօրս մահուան առիթով լալ չէի կրցած։ Ծաղկաձորի մէջ լտցի Գոհար Ազնաւուրեանին հետ։ Մեր արցունքները իրար խառնուեց ան։

Հիմա չկայ Գոհար Ազնաւուրեանը։ Միտքիս պաստառին վրայ իր արծաթուած սուրբ գլուխն է, որ ինծի կքրսէ, ինչ վիշտ ալ ունենաս, մի յուսահատիր։

Խօսքերղ սուրբ են ինծի համար իմ երկրորդ մայր...