Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/22

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հողագունդի պաշարները սպառին, մարդուն ներքին ուժերն ալ կը սպարւին;

Զաւէն Պիպերւեանին միջոց չտրուեցաւ որպէսզի օգտագործէ իր ուժերուն մէկ կոտորակն իսկ։

Բայց Պիպեոևան Զաւէնր իր տուած կոտորակովն անգամ տեղ մր ունի Հայ իրականութեան մէջ՝:

Հալէպ, 1985


Սակաւաթիւ այն տղոցմէ էր, որոնք նոր Թուրքիոյ բանտային խու­ցերու քստմնեցուցիչ ղարՀուրանքը ապրեցան ոչ անոր Համար բացաոապէս, որ Հայ էին, այլ ընկերային իրենց դաւանանքին Համար։

Բանաստեղծ էր ու խմբագիր։ Ծնած ու մեծցած Իսթանպուլ։ Աւարտած նոյն քաղաքի Համալսարանին իրաւաբանական ֆակիւլտէտր։

Համայնավար էր։ Ու ոչ միայն այդքան։ Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական պիւրւոյի ան դամ։ Այսինքն ղեկավար դէմք։

եուղպ բեր ան մը ունէր։

Բանտէն ազատ արձակուելէն ետք, 1940ական թուականներու վեր­ջաւորութեան շունչը առած Էր Հալէպ։ ես ալ այդ օրերուն Հալէպ էի։ Ոչինչ գիտէի իր քաղաքական պատկանելիութեան շուրջ։ Ինծի Համար, Արամ ՓեՀլիւանեանր զարգացած ան Հատ մըն էր Պոլիս էն ինկած Հալէպ, ինծի Համար անյայտ պատճառներով ու Հալէպի մէջ կը բանեցնէր պիսկուիթի (կրկնեփ) փոքր, տն այն ա գոր ծա կան ֆապրիք մը։

Իր ֆապրիքէն անոյշ իւղի Հոտ ու Համ կու գար միշտ։ Մէկ քանի Հոգիով կը Հաւաքուէինք Հոն, աւելի մենք կը խօսէինք քան թէ ինք։ երբեմն, մեզ իր տունը կը Հրաւիրէր։ երբ Հրաւիրեալները Հինգ Հոգիի Հասնէին, գետնափոր իր սենեակին մէջ ոտքի պէտք էր մնային. նստելիք տեղ չէր ըլլար։

Նման Հանդիպումներու ժամանակ, սեղանակի մը վրայ դրուած կըլլար շիշ մը օղի, քիչ մր ձմերուկի ու դդումի խարկուած կուտ, որպէս աղանդեր։

Միայն այդ չէր դէպի Արամին սենեակը մեզ տանողը։ Զարմանալի Հաւաքածոյ մը ունէր ան դասական ձայնապնակներու։ ՊեթՀովէնի Ին­ ներորդ Համանուագը առաջին անգամ Հոն լսած եմ ու այնուՀետեւ կորսնցուցած Համրանքը ունկնդրութիւններուս։

ԱՀա թէ ինչը մեզ կը տանէր Արամին մօտ։ Այդ պաՀերուն է, որ