Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/220

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1948թուականին ՅԱԿՈՈ ՕՇԱԿԱՆը եկաւ Հալէպ: Կը տեսնէի զինք Պուլկար Տը Ֆրանս կոչուող պողոտային վրայ, որ այսօր Շիւքրի Բուաթլիի անունր կր կրէ։ Շաւարշ Միսաքեանին հետ միասին կքրըային:

Կը տեսնէի զինք վիթխարի փափախ մը գլխուն, դանդաղոտն քալուածքով։ Երկու ձեոքերը ծաըած ետին, ապակեփեղկերուն նայելով կանցնէր... Կարծէք դարերը կանցնէին, կը հոսէին Հալէպի փողոցներէն։

Քանի անգամ մտածեցի մօտենալ մեծ գրագէտին ել խօսիլ հետը։ Ակնածանքը օղակներ կ^անցընէր ոտքերուս ու դիմացի մայթին վրայ կր մնայի քամուած, մինչ աչքերովս կր փնտռէի հեռացող հսկաները...

Օր մըն ալ լսեցի թէ մահացեր է։ Չհաւատացի։ Ըսին, դագաղը մինչեւ գերեզմանատուն ուսամբարձ պիտի տանին։ Ծով բազմութիւն մը կ*ա– լիքուէր եւ գրագէտին դագաղը նաւակի հանգոյն կքելեւէջէր անդադրում։

Մէկը անդադար կը նկարէր բազմութիւնը։ Ես տեղ գրաւած էի ալիքուող բազմութեան փէշերուն։ Կը հետեւէի բազմութեան։ Գացինք մինչեւ գերեզմանատուն։

Ւնչպէ^ս այդ փոքր փոսին մէջ տեղաւորուեցաւ մեր գրականութեան հսկան... Մինչեւ այսօր ալ կը զարմանամ։ Գանբանական խօսեցան Ծառուկեանն ու Շաւարշ Միսաքեանր, որ ըսաւճառագայթը չի թաղուիր։

Յա^որդող օրերուն, յուղարկաւորութեան նկարներէն օրինակներ ունեցայ։ Սա ես եմ, կըսէի, չէ այս մէկը ես եմ, ոչ% այս եմ, կքերեւի այս մէկը ես եմ։ Ոչ, լուսանկարիչը շատ հեռուէն նկարած է բազմութիւնը եւ նկարներուն մեծութիւնը քարթ փոսթալ...

Այո, ես այդ բազմութեան մէջ էի։

Հազարաւոր «խոնարհներ» հետեւեցան թաղմանական այդ թափօ­րին։ իրենց երգիչը, խոնարհ հայերու երգիչն էր օտար հողին յանձնուողը...

1983 թուականին կնոջս հետ մեկնեցանք Գահիրէ։ Պատուական հայու մը Օննիկ Ալեքսանեանին հիւրն էինք։

Գահիրէ ժամանած էին հայեր, աշխարհի շատ երկիրներէն։ Եկած էին տօնելու Հ.Ո.Ը.Միութեան Ոսկեայ Յոբելե անլւ, հիմնադրութեան 75 ամեակը։

Այդ բոլորին հետ Գահիրէ ժամանած էր եգիպտական հողին վրայ կեանքի կոչուած այս համահայկական միութեան ցկեանս նախագահ: Ախք Մանուկեան, իր կնոջ ու պատկառելի շքախումբի մը հետ։