Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/221

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ելեքտրականացած մթնոլորտ մը կը տիրէր հայկակա ն Գահէր էի մէջ: Հրաւէրներ, ճաշկերոյթներ, այցելութիւնն եր, դարերէն մեղի նայող հնութիւններ...

Խմբական այցելութիւն մր պիտի տայինք Դահիրէի Դալուստեան վարժարանին։ Մինչ այդ, ժամանակ կար: Ուգեցի այցելութիւն մը տալ հայոց դոյդ գերեղմանատուները։

Ուր ալ գացած եմ, այցելած եմ հայոց գերեզմանատուները, այդ ըլ­լայ Պադտատի թէ Պէյրութի, Պուէնոս Այրէսի թէ Մոսկուայի, Մարսէյլի թէ Փարիզի մէջ։ Թէեւ այս վերջիննեըուն մէջ զուտ հայկական գերեզմա­նատուներ չկան։ Տեղական գերեզմանատուներուն մէջ կան հայ անհատներ, ննջեցեալներ...

Տեղ մը, խոնարհած եմ Ոաբգէն Ապատեան Արքեպիսկոպոսի դամ­բանին առջեւ, տեղ մը1 Մատթէոս Զարիֆեանի։ Տեղ մը համբուրած եմ կոթողը Անդրանիկի, ուրիշ տեղ մը՝ Սարդիս Տխրունիի...

Ահա Դահիրէ կր գտնուիմ։ Պէտք է այցելեմ Վահան Թէքէեանը ու զրոյցի նստիմ իր հետ։ 1945ին, մենք զինք կիպրոսի Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան մէջ կը սպասէինք։ Ու փոխանակ հոն գալու... եկաւ սա գերեզմանոցր։

Եգիպտահայ աղգայինի մը հետ կը մտնենք ննջեցեալներու աշխարհը։

կանոնաւոր ճամրաներ կան, ծաոեր ու ծադիկներ կան։ Ւնչպէս ամէն տեղ, հոս ալ կան շքեղ կոթողներ ու համեստ հողակոյտեր։

Առաջինը, մեր ճամբուն վրայ, մեր դէմ կեըեն Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ մահացած մտաւորականները։ Ահա սա խոշոր դամբանին տակ կր հանգստանան անոնք... հոս են, շատերու հետ Հտյր Նաւասարդեանն ու Ոենիամին Թաշեանը։ Այս վերջինը, որքան մելան հոսեցուցած էր հայ լեղուի մաքրութեան ի խնդիր։ Վայրկեան մը կը կենամ այս ուսուցիչին յիշատակովր հաղորդուելու համար։

կը յառաջանանք։ Ահա Թէքէեանի դամբանը։ կը պատրաստուիմ արտասանել բանաստեղծութեան ծիրանաւորին «Եկեղեցին Հայկա­կան»ր, զոր մեղի անգիր ընել տուած էր Հալէպ նախակրթարանի չորՐՈՐԴ ր1ասաԸԼԱկի գրասեդաննեբուն առջեւ, մեր հայերէն լեղուի ուսուցիչը՝ Սիմոն Աիմոնե ան։

Շունչ մը կառնեմ, որ սկսիմ, բայց զիս կր կանխէ եգիպտահայ ազգայինր։ կր տխրիմ։ Ուխտ մը կը մնայ անկատար։ Ոայց ինծի ընկերացող Հայր այնքան ապրու մով եւ հասկացոդութեամբ կարտասանէ, որ ակամայ հետեւելով իրեն, ինքզինքս բաւարարուած կը ղգամ...

Տիչ անգին Սարուխանի տապանաքարն է։ Հեոու չէ Օննիկ Աւետիսեանը։ Քանինե՜ր պաոկած են այստեդ, ննջած են, կիսէ մեր ժողովուրդը,