Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/222

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քանինե՜ր... Ինչպէս այցե/ութիւն մը չտալ մեր ժողովուրդի մշակոյթի այս նուիրեալներուն։

կայցելենք երկրորդ եւ հնագոյն գերեզմանատունն ալ Գահիրէի հայոց։ Այսպէս խօսած կ իըանք նաեւ Արփիար Արփիարեանի, Երուանդ Ատեանի, Աիրանոյշի եւ այնքան ուրիշներու հետ։

Վերադարձին ուղիդ կ^եըենք Գալուստեան վարժարան:

Այստեղ է Ալեք Սանուկեանր իր շքախումբով; Հաւաքուածեն ուսու­ցիչներ եւ աշակերտներ։ Փոքրիկ մր կ՚արտասանէ կապուտիկէ ան։ Ես կը սպասեմ, որ մէկն ալ Թէքէեան արտասանէ։ Աղջնակ մրն է արտասանողը։ Յետոյ խմբովին կեր դեն, յո լզելով բոլորս։

Գալուստ եանի Պարոն Տնօրէնը խօսքը կու տայ մեծ բարերար՝ Ալեք էէանուկեանին, որ զուլալ Հայերէնով մը խօսք կուղղէ աշակերտութեան, որ սիրէ մեր մայրենի լեղուն, պահէ ու մաքուր գործածէ մեր մայրենին, լաւ ուսանի, գագաթներ նուաճէ։

Այնուհետեւ առաջարկ կԸԱայ, որ ներկաները հարցեր տան։

Բարձրացած ձեռքս կը նշմարուի։ Զայն կը տրուի ինծի։ Ահա հար­ցումս.– Յար գելի Պր. Տնօրէն, եթէ հարցումիս տրուի դրական պատաս­խան, բաւարարուած կըրամ։ եթէ պատասխանը պատահի, որ րըայ Ժխտական, այն ատեն, հարցումս ինքնաբերաբար կը վերածուի առաջարկխ Հրամեցէք, կըսէ Պրն. Տնօրէնը, պատրաստ եմ պատասխանելու ձեր հարցումին։

Ես, կըսեմ, քառորդ մը առաջ, վերադարձայ Գահիրէի զոյգ գերեզմա­նատուներէն։ Զիս ննջեցեալներու աշխարհ առաջնորդող ձեր քաղա­քակիցը ինծի կըսէր.– Ի^նչ կուզեմ գերեզմանէն, երբ Գահիրէի մէջ այնքան տեսնելիք կայ հին թէ նոր։ Ես անոր ըսի, թէ հայոց գերեզմաններան մէջ կը հանգչին մեր մշակոյթի մեծերր, նուիրեալները։ Ահա անոնց հետ կաղեմ երկխօսութեան նստիլ։

Ահա հարցումս, դուք, Պրն. Տնօրէն, Գալուստեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնն էք, ձեր բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները տարին ան գան մը գէթ, կառաջնորդէիք գեպի գերեզմանատուն, որպէսղի հայ նոր ժմնող տղաք, որոնք կեանք պիտի մտնեն, գիտնան, թէ Թէքէեանը իրենց կողքին կը գտնուի, Թաշեանը այստեղ է, հոս են, Գահիրէի մէջ Աննման Սարուխանը, անկրկնելի Երուանդ Ատեանը, խիղախ Արփիար Արփիարեանը, սքանչելի Աիրանոյշը եւ այնքան ուրիշներ։ չառաջնորդէիք ձեր աշակերտները հոն, որպէսղի հաղորդուին հայ հոգիով, հայ հոգին ներկայացնող գրիչի, բեմի ու վրձինի վարպետներով...

Պահ մի տիրեց լռութիւն։ Ապա տնօրէնը գլխահակ, ըսաւ.– Զեր հարցումը պարոն, լաւ էր, ձեզ չեմ ճանչնար, բայց ահա ձեր հարցումը վերածուեցաւ առաջարկի։ Վստահ եղէք, որ յետ այսու գործադրութեան