Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/224

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՐՄԷՆ ԱՆՈՅՇը Հալէպէն կը ճանչնամ: Շատ կարճահասակ հայ ուսուցիչ մըն էր։ Ջինք կր տեսնէի փողոցն ի վար գտորուեու վիճակով միշտ անութին տակ տրցակ մր թերթ կամ գիրք:

Դասերէս դուրս չորրորդ դասարանի աշակերտ, աոաջին գիրքբ որ կարդացած եմ, եդածէ Արմէն Անոյշի գիրքր, նուիրուած՝ Ուրֆայի հերոսամարտին:

Աքլ չմոռցայ հերոսի անունները Յարութիւն Ռասթկէլէնեանին ել Մկրտիչ Եօթնեղբա ր եանին: Հերոսներ, որոնք մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը մարտնչեց ան թուրքերու դէմ։

ՀԱՅԿ ՊԱՐԻԿԵԱՆը ճանչցայ Մելգոնեան երթակ ան Հաստատութենէն վերադարձէս ետք: Հալէպի «Եփրատ» օրաթերթի խմբագիրն էր:

Յօդուածներ կու տայի իրեն: Աը տպէր:

Համեստ ուժ մըն էր ու համեստ մարդ մը: Նուիրուած էր մեր մշա­կոյթին: Մինչեւ այսօր կաշխատակցի շարք մը հայերէն թերթերու: Խմբագրած է տարեգիրք մր «Գեղարդ»ր, տասնհինգ տարուան մէջ երեք հատոր: Պէտք է շնորհակալ ըԱալ տրուածին համար: Իր խմբագրած այս «Տարեգիրք»ր ունի ոչ յայտնի խմբագիր մըն ալ, որուն տնօրինումները Հայկը կը նեղացնեն, բայց ինք, խմբագիրը, անզօր է Սիչուոգ այգ բ^ՒւէՒ^ բոնութիւններուն դէմ:

Հայկը երկարամեայ ուսուցիչ է: Հրատարակած է ուսումնասի­րութիւն մր էեւոն Րաշալեանի մասին, որ հեռու է ուսումնասիրութեան պայմանները լրացնելէ:

Հրատարակած է բանաստեդծութիւններու երկու գրքոյկ, որոնք գերադանցապէս ոտանաւորներ են:

Ինք աղնիւ աշխատող մըն է: Ունեցածն է, որ կու տայ, որով իրմէ պահանջք չունինք: Աուրհակ չէ ստորագրած, որ պահանջք ունենանք:

Հայկբ կը շարունակէ իր բաբի գործը: