Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/225

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՆՈՒՊԱՐ ԶԱՐԽՈՒՏԵԱՆը Հալէպ եկած էր։ Ջինք տեսայ 1985թուա­կանի Օգոստոսի տաք օր մր։ Սիւնակագիր է Պէյրութի «Ազդակ» օրա­թերթին մէջ։

Գրած է ֆրանսերէն գիրքեր, հայերէն գիրքեր: Ուշ եկած է հա­յերէնին:

Գրած է բանաստեղծութիւններ, վիպակներ, վէպեր:

«Ազդակ »ի մէջ շարունակ կր գրէ «Խաւարի Ասպետներ»ու մասին:

Զխօսկան մարզ մր, ինչպէ^ս խօսիլ կու տայ երեւակայական հերոսներ...

Արդարեւ, երէկ խօսիլ ուզեցի հետր; Չկրցայ։ Ես խօսեցայ, ինք բառերր սեղմած էր ատամներուն տակ: Գուցէ, խորհեցայ, արիւնոտ Պէյրութէն նոր կու գար, յոգնած էր...

Րայց բարեկամներ ըսին, թէ ամառ-ձմեռ այսպէս է։

Աքերեւի Նապար Չարխուտեան, աւելի դէպի ներս կը նայի քանա դուրսը, անոր համար ալ միշտ ասպետներու հետ է։

Ւ^նչ խօսի իր շուրջի պարդ մահկանացուներուն հետ...

ԱյոՀ, աշխոյժ մարգ է ԱՐՏԱՇԷՍ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈԻՐԵԱ Նր։ Ծագումով սասունցի։ Զեմ գիտեր ինչո^ւ, ոմանք չեն րնդունիր անոր սասունցիա թիւնր։

Ես կինդունիմ։

Արտաշէս Տէր Խաշատուրեան խօսող խնդացող է։ Երբ կր խօսի, Երբ կր խնդայ, ուր ալ րցայ, գիտցէք թէ հայ գիրք մր, հնատիպ մատեան մը, հին թերթ մր, հին նամակներ, արխիւներ գտնելու կամ ունենալու համար է։ Վերջապէս ստակի համար չէ, հայ մշակոյթի համար է։ 1974էն ի վեր կը ճան շնամ զինք։ Զիս չէ խաբած, ինձմէ ձեոագիր չէ առած։

1984ին, քիլիսցի հայ տղայ մը ուղեց ինծի տըցակ մը հին նամակներ նուիրել. ինը ներկայ էր։ Ես զիջեցայ, որ իրեն տրուին նամակները։ Տեսնելու բան էր Արտաշէսին ուրախութիւնը։

Ւնչ կայ որ ասոր մէջ։ Թող ուրախանայ։ կարեւ որ նամակներ յայտնաբերած է Արտաշէս այղ տրցակին մէջ։ Պիտի տպէ Անթիիասի «Հասկ» հայա գիտակ ան հանդէսին մէջ։ Պոաւօ Արտաշէս:

Տէր Խաչատուրեանր պրպտող տղայ է։