մեր Արա մը կը բանար իր բերանր խօսելու համար մեզի դասական երաժիշտներու հոյլին մասին;
Մեզի համար, Արամը երաժշտագէտ մըն էր; Այստեղ է դարձեալ, որ մեր մէջշեշտուեցաւ սէրը հանդէպ Կոմիտասին; Արամր, պարզապէս պաշտամունք ունէր Աոմիտասի հանդէպ;
Ես յաճախ կը տեսնէի զինք իր ֆապրիքին մէջ պիսկուիթի խմորը շաղելու միջոցին; Ինծի զարմանք կր պատճառէր այս տղան; իր գիտութեամբ եւ հզօր բազուկներով, խմոր հունձող բազուկներով; Կատարեալ բանուոր մր;
Դիպուածը ուզեց, որ ես երկու կործանումի դէպքերէ ազատեմիմ սիրելի բարեկամս;
Առաջինը, իր ֆապրիքին մէջ պատահած հրդեհի մը կը վերաբերի; Գացած էի տեսնելու զինք. հերթական հանդիպում մր պարզապէս; Դուռը զարկի; Ոչ մէկ պատասխան; Դրան անցքէն նայուածք մր ներս, ու ինչ տեսնեմ, կրակի մէկ քանի լեզուներ ջահի պէս կը վառին:
Անմիջապէս վ ազեցի Ազիզիէ թաղամասի իր տունը; Բարեբախտաբար, տունին ու ֆապրիքին հեռաւորութիւնը հինգ հարիւր մեթրը չէր անցներ:
Եկանք; Բացինք դուռը; Մարեցինք ծաւալող հրդեհը: Վայ Թորոս, ըսաւ, պիտի փճանայի. ամէն ինչ ծայրէն պիտի սկսէի: Բալէ, քալէ, երթանք գաւաթ մը առնենք ու Պեթհովէն լսենք:
Այդ հրդեհուած ֆաս(րիքը որքան անոյշ կը բուրէր:
երկրորդ անգամուան դէպքը ջրհեղեղն էր; Հալէպի Բուէյք գետը յորդած էր ու իր երկու ափերուն վրայ գտնուող տուները վերածած կղզիի զանգուածներու:
Ըսի Արամին տունը գետնափոր էր: Դետնէն տասը աստիճան մր վար; Երբ թաղին մէջ տեսայ տարածոլիլը հեղեղին, առաջին մտածումս եղաւ Արամին տունը: կը զարնեմ դուռը; Տունը մարդ չկայ: Բոպէ մը շուարած չորս կողմս կր նայիմ, կարծէք Արամը երկինքէն վար պիտի իյնար; Դուրս կքեըեմ; Ամէն կողմ խուճապ; Դետը յորդեր խելացնոր կը տարածուի փողոցներուն մէջ. ջուրը հասած է մայթերու պռունկին ու կը սպառնայ լեցնել գետնափորները:
Ի՞նչ ընել։ Յանկարծ մէկը ըսաւ, Արամը կը փնտռելս; Այո, ըսի* յոյսի մը կառչելու պէս. քիչ առաջ սինեմա կերթար; Դիտէի իր սիրած ֆիլմերը։ Վ ազեցի դէպի սինեմասրահ; Շնչահատ հասայ, հրաշքով գտայ Արամր. ընկերոջս Արսէնին հետն էր, ըսիՀիմա տունդ հեղեղը հեղեղած պէտք է ըԱայ. ազատեւնք դասական ձայնապանակներր;
Լուր չունէի, որ կերպասավաճառ ընկերս Արսէնն ալ, բաւականին անգլիական կերպասներ պահած է Արամին տունին մէջ; Երեքով վա-