Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/231

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊԵՏՈՈՍ ՀԱՃԵԱՆը ճարապլուսցի է։ Եփրւսւոի ափէն։ Օայց ապ­րեցաւ Հալէպ։ Լաւ սկաուտ մրն էր ճարապլուսի մէջ; ճարապլուսէն անց­նելէ ետք Հալէպ, ցատկեց Ամերիկա։ Սկաուտներր ցատկելու արուեստին լաւ տիրացած կ քրԱան։

Ես իրեն ծանօթացայ Պուէնոս Այրէսի մէջ , ուր ըսին թէ «Արմենիա» օրաթերթի խմբագիրն է եւ ուսուցիչ ազգային վարժարանին մէջ։ Աարճխօսակցութիւն մը ունեցայ* պիտի մեկնէր Գորտոպա։ Տոմսը ձեռքն էր։ Չէի կրնար արգելք ըԱալ։

Նոյն օրը յօդուած մը ստորագրած էր Հ,Օ.Ը,Միութեան եւ անոր տնօրէն Միսաք Հայկենցին դէմ։

ճիշդ չես ըրած, ըսի։ կարդացէք տեղական մամուլին իր ըրած յայտարարութիէններր, րսաւ։ Յետոյ կարդացի։ Հոն, Հայկենց ըսած Է, թէ Հ.Օ.Ը.Միութիւնր սփիւռքհայ իրականութեան մեծագոյն կազմակերպու­ թիւնն է։ Իսկ Հաճեան կր պնդէր, որ Դաշնակցութիւնն է սփիւոքահայ իրականութեան մեծագոյն կագմակերպութիւնր։

Հայկենց կուսակցութիւններու մասին չէր խօսած։

Օայց տարօրինակ չէր Հաճեանին պնդումը, ինք կրնար անդամրըալ միայն ամենամեծ կազմակերպութեան։ Ւր յօդուածով, իր մասին խօսած էր։ Եւ ասիկա, ով ինչ ալ րսէք բնական երեւոյթ է։

ԴՈՒՏՑՒ ՄՒ՝ՏԱՅԷԼԵԱՆը նախապէս Պասմաճեան էր ու մարաշցի։ Մնաց մարաշցի, ուր ալ գնաց։ Հալէպէն կր յիշեմ զինք։

Պէյրութի մէջ ամերիկե ան համալսարանին ճամբուն վրայ, շատ մօտելւր հիւանդանոցին, հանրակաոքի գիծին ձախ կողմին վրայ բնակարան մր ունէին, ուր կր բնակէր բժիշկ ամուսինին հետ։

Երբեմն, քանի մր գրասէրներով կր բարձրանայինք իրենց մօտ։ Ամու­սինը խնճոյքր սիրող էր, րայց գրականութիւնը շատ բան չէր ըսեր իր բժիշկի հոգիին։

Խօսիք, վիճիր կր սիրէր։ Օր մրն ալ գնաց Ամերիկա։

Դուտցի Պասմաճեան միքայէլեանը, հակառակ ամերիկեան կեանքի թոհ ու բոհին... շուն մր կր պահէ իր տան մէջ, ու կր շարունակէ գրել։