Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/234

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԱ ԿՈԲ ՉՈԼԱ՝ՈԵԱՆը հայագիտութեան հետեւեցաւ Երեւանի մէջ. Եկաւ Հալէպ։ Ութ ամիս Հալէպ է, որպէս ուսուցիչ, չորս ամիս Ոեսապ իր հայրենի կամ մայրենի Գալատուրան գիւղր։

Ութ ամիս, իր աշակերտներուն միտքը կր հերկէ ու կը ցանէ հայ դիր* հայ լեզու, հայ գրականութիւն ու չորս ամիս Գալատուրանի իր ար­տը կը հերկէ իր խնձորենիներուն, որթատունկերուն, սալորենիներուն կը նայի։

Յակոբր այս բոլորէն դուրս ժամանակ կը գտնէ կատարելու համար ուսումնասիրութիւններ։ Արդէն շատեր գիտեն իր հրատարակած երկու գիրքերուն բովանդակութիւնը։ Առաջինը "Յեսապի ժողովր գային եր գարւեստին մասին է, երկրորդը Սուսա Լեր ան ցամքած մէկ աղբիւրին մասին, որ դարձեալ կր հոսի, երբ տարագրութենէ կը վերադառնան մուսալեռցիները։

Շատեր չեն գիտեր, որ Յակորին առաջին գիրքը բանաստեղծութիւններա տետրակ մըն է։ Ենք չէ մոռցած, բայց այլեւս բանաստեղծելու ժամանակ չունի։

Արդէն պատրաստածէ Յեսապի գաւառաբարբառին մասին ուսում­նասիրութիւն մր եւ բազմահատոր գիրք մը՝ սուրիահայ հին եւ նոր դպրոցներու մասին։ Դեւի աշխատանք։ Լեռնցի է եւ. չարքաշ, չէ՜°։

Յակոբր փորձեցէք կապել։ Դարձեալ պիտի աշխատի։ Ըսելիք ունի։

ԴԵՂԱՍ ՖէՆէԸճԵԱՆը գիտէիք ով ծանօթացուր ինծի։ Ոչ իր փարիդա հայ գրչեգբայրներր։ Վահրամ Մավեանր ծանօթացուր Ռիշէ փողոցին վրայ։

Ոիչ մր խօսեցանք։ Աւելի ծխամորճը ծխելու ուժկու տար Ֆէնէրճեան, քան խօսելու։ Երբ բաժնուեցանք, Վահրամը ըսաւ, գիտելս ինչ գործով կր ՂԲաՂՒ Դեգամը։ Լաւ գրական վերլուծող մըն է, ըսի։ էհ, Ըսաւ Վահրամր, գինի կր ծախէ, գինի։ Խանութէ ֊խանութ կը պտտի, ճաշարան– ճաշարան կր պտտի, գինիի յաճախորդներ կր փնտռէ...

Անկէ ետք, քանի մր անգամ եւս տեսայ ղինք։ Միավանկ բառերով կը պատասխանէր հարցումներուս եւ վերջաւորութեան՝ Ւ^նչ նորութիւն Հայաստանէն, կիսէր, ու տակաւին պատասխան չստացած, օրըւուար, կիսէր, կը բաժնուէր, ծխամորճէն ծուխ ամպելով։

Դեղամ Ֆէնէրճեանը մտածել գիտցող, ճաշակ ունեցող մարգ էր։