Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/236

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ուր զետեղած էր «Նոր Գիր»ի տղոց գործերը: Ուր կար նաեւ պատմուածք մր Սուրէն Մանուէլեանէն։

Ես տեսած էի Սուրէնին երիտասարդ օրերու նկարները: Դէմս կանգնած էր ալեհեր գրագէտ մր։

Խօսեցանք: Կրակը բորբոք էր: Հոգ չէ թէ ձիւն կար գլխուն վրայ:

Ասոնք երէկի նուիրեալները, վաղը, երբ ծերանան, յաջորդներ պիտի ունենալն: Աուրիա, Լիբանան, արելեւքէն նոր զանգուածներ պիտի գա՜ն Ամերիկա, որպէսզի դաոնայ ամերիկահայ գրականութեան ջաղացքը:

Պատասխան տուր, Մարզպետ Մարկոսեան:

Ազնուագոյն հայը կայ Սուրէն Մանուէլեանին մէջ: Յուզումով կր բաժնուիմ իրմէ: Ան գամ մըն ալ պիտի տեսնե^մ զինք:

ՇԱՀԱՆ ԴՈՒԽՏր սկիզբը «Այգ»ի մէջ էր: Տարիներ ետք անցաւ «Ազդակ»: Մնաց հրապարակագիր: Ոայց ինչպէս քիչ մը ամէն հրապարակագիր ձգտումր կքունենայ գեղեցիկ դպրութեան անցնելու, Շահանդուխտն ալ փորձեց: Արդար էր իր փորձը:

Լոյսին բերաւ յաջորդական գիրքեր. մէկը նոյնիսկ արաբերէն «Սաննինէն Զուր Խմեցի»: Անոյշ ըըայ Շահանդուխտ:

Շահանդուխտ հրապարակագրութիւնը բարձրացուց գրակա­ նութեան: Ու ինք կրցաւ բարձրանալ մինչեւ գրականութիւն:

Եր շարունակ գրելու ճիգը գնահատելի է:

Շահանդուխտ փորձեց նաեւ չափածոն: Տուաւ կեանքը լիբանանեան պատերազմի հայ հերոսներուն.. բայց այդ հերոսները կր պատկանէին միայն իր կազմակերպութեան: Ուրիշ հերոսները... գտնելը դժուա^ր էր, երբ կային...

Մի այպանէք, մարգ ամէնէն աոաջ կր տեսնէ իր ունեցածը։ Ուրիշին ունեցածը կամ ուշ կր տեսնէ, կամ չի տեսներ: Պարտագիր ալ չէ, որ տեսնէ: Ուրիշ հերոսներու մասին ալ թող ուրիշներ գրեն...