Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/237

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԲԱԲԳԷՆ ՊՈՏՈՍԵԱ Նը որպէս նկարիչ կը ճանչնայի։ Փարիզի տղոց խումրին սերունդէն է: Այդ անհետացող սերունդին քիչ ապրողներէն մէկր։

Մէկ քանի հանդիպումներ ունեցած եմ իր հետ քսանամեակի մը վրայ տարածուող: Իր գործերէն մէկն ալ նուիրա ծէ ինծի:

Արհեստով ներկարար է։ Շահած է ու կը շահի իր հացին դրամը։ Արուեստով: նկարիչ։ Նաեւ կը գրէէ

Գրած Է տպաւորապաշտ Էջեր ու պատմուածքներ։ Բացէք Թօփալեանին «Անդաստան»ի թիլերը եւ հոն պիտի հանդիպիք ոչ միայն իր նկարչական այլ նաեւ գրական գործերուն։

Վերջին ան գամ հանդիպեցայ իրեն 1983ին։ ժամադրուեցանք Բատէ։ Նստեցանք սրճարանի մը մէկ անկիւնը, ուր հին օրերուն կու գային նստիլ Գմբէթեանը, Վահանը, Ալեքսանեանը, Թօփալեանը, Փօլատեանը, Սարաֆեանը, Նարդունին, Որբունին եւ ուրիշներ, ուրիշներ։

Ո**ւր էին անոնք։

Հարցումս ալ այս էր Բաբգէն Պոտոսեանին։ Գուն ճանչցուր ինծի ծանօթներն ու անծանօթները։ Յուշերդ գրէ րոլորին մասին։ Նկարներ կնւնենաս, մէկտեղէ։ Պէտք կ Չըլլան։ Ե՜րբ կը գրես, կր ղրկելս ինծի Հալէպի հասցէիս։

Մնացողը դարողներուն մասին պէտք է գրէ:

Բաբգէն խոստացաւ։ Չգրեց։ Գրեցի իրեն, չպատասխանէր։ Մէկր, այս կարեւոր գործը եթէ Պոտոսեանին գրել տալ կարողանայ, առաջինը ես շնորհակալ կքրԱամ։ Ես, առայժմ ձախողեցայ: Ափսո՜ս, Պոտոսեանր Ժամանակը մերժող մըն է։ Արդեօք ա^յդ է պատճառր, որ զիս մերժեւլ։

Բայց Պոտոսեանր նոյն «Անդաստան»ին մէջ տեղ մը ըսած է Ապրիլը՛ տիեզերական խարոյկին որպէս մասնիկ վառիլ է...

Ուրեմն ապրէ, այսինքն գրէ ժամանակակիցներուդ մասին, Պոտոսեան..