Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/245

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կողքին նուազէին նաեւ ձեր ստեղծագործութիւնն եր էն: Գրեցէք տասր նոր երգ դաշնամուրի համար, որպէսզի հայ տղաք ձեր գործերր նուազեն:

Միամիտ ես, եղաւ Արա Պարթեւեանին պատասխանը: Ես հազարա­ւոր էջերով նոթա գրած եմ: Ո՞վ է հետաքրքրուողր: Հին գործերուս վբայ նորեր աւելցնեմ, իսկ ո՜վ պիտի տպէ: Ըսէ ինծի, ոՀվ պիտի տպէ: Երեսուն հինգ տարի ամբողջ հայոց եկեղեցիին օրկր նուազած եմ ձրիօրէն: Այսօր ութսունը անցած եմ: Արդեօք բարեւ մը տուող կա^յ... երազատես ես:

Այս բոլոր խօսքերը յուզեցին զիս ու ես, սուրիական րնդունուած ձեւով ձեռքս կուրծքիս զարնելով, վարպետ, ըսի, դուք տասը երգ յօրինեցէք դաշնամուրի համար, ու ես կ*ԸԱամ ձեր այդ երդերուն հրատարակիչը։

Չհաւատաց: Սիրանոսեանը հաւաստիացուց վարպետը:

Ութ ամիս ետք, Արա Պարթեւեանէն ստացայ դաշնամուրային վեցերդ ու անմիջապէս հրատարակեցի:

Այսպէս ծնալ Արա Պարթեւեանին մէկ գործր։

Երբ երաժշտագէտին ուղարկեցի իր իսկ գործին առաջին տաս օրինակները, նամակ մը ստացայ իրմէ: կր գրէր.- Սիրելի Թորոս, ծերուկս ուրախացուցիր...

Յուղուած էի։ Վարձատրուած։

ԱՐԻՍ ՇԱՀԼԵԱՆը Հալէպէն կը յիշեմ: Գեղին շրջագիծով ակնոց մը կր կրէր։ Միականի էր: Ֆէս կր գործածէր: Ամէն օր սրճարան կերթար: Խմող էր:

Այս բոլորէն վեր բանաստեղծ էր։ կարդացած եմ իր 1926ին գրած բանաս տեղծութիւններր:

Հալէպի տպարան Տէր Սահակեանէն լոյսին եկաւ հեքիաթներու իր գՒրքր՝ «կար ու Զկար...» խորադիրով: Հրատարակեց «Միջինք»ր, բանաստեղծութիւններ: Մեր լեզուն լաւ գիտէր։

1944ին, երեք ընկերներով Մելգոնեան պիտի երթայինք ուսանելու։ Երեքս ալ ճանապարհածախս չունէինք: կանչեց մեզ Հ.Ո.Ը.Միութեան գրասենեակը, ուր քարտուղար էր ինք ու մեղի տուաւ Հալէպ-Պէյրութ մեր ճանապարհածախսը։ Ենչ դիւրին էր, թուղթ մը ստորագրեցինք եւ դրամ ստացանք Ոարեգործրականէն: Վերջը, զգացինք, որ դրամ շահիլը այնքան ալ դիւրին չէր:

Մեկնեցաւ հայրենիք, հրատարակեց մէկ քանի անուն գիրք ու կանուխէն մահացաւ:

Հեքեաթային մարդ էր Արիս Շաքլեանը: