Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/247

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցԻն բանաստեղծութիւններու ել պատմուածքներու կողքին։ երեքին կեանքին մէջ ալ հեքիաթային բան մը կար։ երեքն ալ ուսուցիչ եղած էին ու սերունդներ դաստիարակած։ Սերունդ մըն էին, որոնց մօւո նուիրումը շնչելու չափ բնական էր:

Այդ սերունդը գնաց։

Ո^ւր գացիք հեքիաթասացներ, հիմա մենք որոնցմէ՜ լսենք հեքիաթներ։ Մենք կարօտ ենք հեքիաթներու...

ԱՈՇԱԻԻՈ ԳԱՊՊԷՆՃեԱՆր հալէպցի էր, դարձաւ պէյրութցի։ Տիպային գրամոլ մը, որ ապահովարար հայ գրականութենէն գիրք չէր թողուր որ չկարդայ։ Գիրք կը կարդար։ Գիրք կր հաւաքէր։

Շնորհիւ ֆրանսերէն իմանալուն, տառացիօրէն կը լափէր ինչ որ կ իյնար իր հայեացքին տակ։

Մէկ խօսքով գրական ու մշակութային արժէքներու հետամուտ, հասկցող, Վերլուծող մարդ էր։

էր գրէր։ Իր գրած բանաստեղծութիւնները, որոնցմէ հազիւ մէկ քանին երեւցան մամուլփ մէջ եթէ հատորով հրատարակէր, շատ մր անուն ունեցողներ իր շուքին տակ կր մնային։

կու գար Հալէպ, իր սիրած քաղաքը, ու երբեմն շարաթներով կր մնար։ Ամէն օր զիրար կը տեսնէինք։ Մեր նիւթը գրականութիւնն էր։

Գիրք չհրատարակեց: էր պաշտէր «Նայիրի»ն ու Ծառակեանր։ Ինչ որ գրեց, «Նայիրի»ի մէջ հրատարակեց։ Միշտ ալ ըսելիք ունէր։

Իիչ մը խածան էր։ Իիչ մը չէ, շատ։ Անպայման կր կծէր խօսելու պահուն։ Գրած պահուն աւելի զուսպ էր։

Ամուրի մեռաւ։ ժառանգ չթողուր ոքչ նիւթապէս, ոքչ այլապէս։

Պիտի գտնուի՜ մէկը, որ օր մը տպագիր ու անտիպ գործերէն հաւաքածոյ մր կաղմէ։ կրնայ ուսանելի ըԱալ։

ք^այց չեմ կարծեր, որ նման մէկը գտնուի մօտաւոր ապագային Սփիւռքի պայմաններուն տակ։

Գապպէնճեանի խմորէն, գրականութեան հետամուտ մարդիկ չկան մեր չուրջը.։ Ափսո՜ս։