Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/248

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅԿ ԱՂԱԲԷԿԵԱՆը հին գորգեր կր նորոգէր։ Գոյներու սիրահար էր։ Այս պատՏաոով ալ փարած էր նկարչութեան արուեստին:

Ուրեմն, այս Հայկր հին գորգ ու հին նկար կր հաւաքէր:

Փարիզի մէջ, երբ լսէր թէ արուեստի գործերու վաճառք կայ նոյն օրր չորս շրջաններու մէջ, չորսին ալ կր հասնէր ու գնումներ կինէր:

Ժամանակ մր Հայկ Աղարէկեան անունր մեզի կր յիշեցնէր էտկար Շահինր: Բանի որ, ուր որ էտկար Շահինէն գործ մր գտնէր, անպայման կր դնէր կր տանէր տուն; Շահինի գործերուն լաւագոյն հաւաքածոն Հայկր ունէր:

Ծանօթացայ իրեն պատուական հայրենակիցի մր Գէորգ Պագրճեանի գորգավաճաոատան մէջ: Զիս իր տունր հրաւիրեց: էտկար Շահինի գործերէն երկու գործնուէր տուաւ: Ոտքերս գետն էն կտրուած էին: Արւեստի ոլորտներուն մէջ էի:

Ահա Հայկին պատէն կախ ուած տեսայ վարպետին Մարտիրոս Աարեանին գործերէն մէկր, վրձինուած 1927թուականին, Փարիգի մէջ:

Հայկ, րսիէ այս գործին տեղր Երեւանն Է: Զեմ կրնար աալ, րսաւ: Երեք տարի հետապնդեցի զինք: Ե վերջոյ տուաւ: Բայց, ըսաւ, ելիր դուն իջեցուր պատէն, ձեռքովս չեմ կրնար տալ: կր դոգար ձայնր:

Ւջեցուցի, տարի Հայաստան, տուի վարպետին: Վարպետը յուզուեցաւ: Ւնք, կորսուած կր նկատէր փարիղեան այս գործը:

Ոտքի ելաւ վարպետը, դանդաջելէն գնաց ներս ու վերադարձաւ շիշ մր հայկական քոնեաքով ու խօսքը Շահէ Խաչատուրեանին ուգղելով րսաւ,- Դուն եւ Թորոսը այս շիշին պարունակութիւնը պիտիխմէք: Խմեցէք այդ Հայկին կենացը, որ գործս գտեր է, պահեր է, ղրկեր է: Շահէ, խմէ նաեւ Թորոսին կենացը, որ գործս տուն բերեր է:

Ես ու Շահէն պարպեցինք շիշը: Դինով էինք: Գինով էինք մեր սիրելի վարպետին խօսքերովը, գործերովը ու քիչ մրն ալ քոնեաքովը:

Հայկ Ագաբէկեանը ինծի ծանօթ տղայ մը կր գտնէ ու կիսէ անոր Թորոսր կր ճանչնաս, չէ**... այդ անպիտանը տունս եկաւ, աղջիկս առաւ ու տարաւ:

Բարեկամս, որ կարպիս Փաշապէզեան կր կոչուի, կիսէ,– Պրն. Հայկ, Թորոսր ամուսնացած ու գաւակենրու տէր մարգ է, այդպիսի բան չիներ... Չհասկցար, կիսէ Հայկ, տունս Աարեան մը ունէի, աղջիկիս պէս կր սիրէի, առաւ տարաւ:

Կր խնդ ան երկուքն ալ: