Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Փարիզ էի։ Ըսին թէ Մորիս Թորէզը վախճանամ է։ Գացի մասնակ­ցելու յուղարկաւորութեան: Աշխարհի շաւո երկիրներու կոմունիսւո ղեկա­վարներ հոն էին։ Ամէն երկիր իր դրօշով ու պաստաոով։ Մէյ մրն ալ ինչ տեսնեմ մեր Արամր Թուրքիոյ կոմկուսի պաստառին ետին, առաջին շարքի վրայ։ Մօտեցայ։ Յետոյ, ըսաւ։ Թափօրին հետեւեցայ ժամեր։ Բեր Լա Շէզի մէջ, Աուսլով, Սովետական Միութեան էոմունիստներուն անու­նով ճառ մը խօսեցաւ, եըկլսը։ Շատեր ըսին, Ֆրանսան որբացաւ։ Բայց ոչ, Ֆրանսան որբացածչէր;

Չտեսայ Արամը։ Այդ «յետոյ»ն, որ ըսաւ ինծի Թորէզի թաղման Օրը, տարիներ ետք եղաւ։

Ուսանող էի երեւանի մէջ։ Տանս մէջ նստած յաջորդ օրուան բժշկա­կան դասերս կը սերտէի, երբ հեռախօսազանգը զիլ հնչեց։ Վերցուցի լսափողը։ Միւս ծայրէն, մէկը կը խօսէր, Ընկեր Թորանեան, կենտ կոմից են խօսում։ եկէք կենտկոմ։ Ջեղ համար, վարը, մուտքին, յատուկ արտօ­նագիր կը թողնենք։

Շուարած էի։ Ինչ գործ ունէի ես Հայաստանի կենտկոմի շէնքին մէջՀ ինչո^ւ դիս կր կանչէին պաշտօնական այդ տունը, երբ պարդ ուսանող մրն էի ես։

ելայ գացի։ Բարձրացայ երրորդ յարկ։ Ու յանկարծ, ով տեսնեմ դիմացս, մեր Արամը։ Հայաստանի կոմկուսի հիւրն է Թուրքիոյ կոմկուսի ղեկավալւներէն Արամ Փեհլիւ անեանը։

Գրկընդխառնուեցանք։ Համբուրուեցանք։ Յիշեցինք Հալէպր, Պէյրոլթը, Փարիզը:

Այդ ե դաւ իմ վերջին տեսակցութիւնս Արամին հետ: Իմացայ, որ կապրի Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ։ Իմացայ, որ ամուսնացած է գերմանուհիի մը հետ, որմէ աղջիկ զաւակ մը ունի։

Ու յանկարծ, օր մրն ալ իմացայ, որ վախճանամ է Ա. Շաւարշր: Հայ բանաստեղծը, հայ խմբագիրը, Թուրքիոյ կոմկուսի ղեկավարներէն մէկը։

Արամ, սիրելիս, դու ն հայ է իր, բանաստեղծ էիր* կոմունիստ էիր։ Այդ Վեր ջինը ես ուշ հասկցայ։ Ման աւանդ հասկցայ այն օրը, երբ թերթերէն կարդացի, որ Ֆրանսա * կոմկուսի մէկ համագումարին թուրք համայ­նավար կուսակցութեան պատուիրակութիւնը դուն կը դլխաւորէիր. եւ առանց անունդ ծածկելու - Արամ Փեհլիւանեան։

Հիմա կu մտածեմ, դուն գերագոյնդ չտութր թէ* ազգիդ, թէ * Թուրքիոյ։ Հայ ըլլալ, ու իր ժողովուրդը ջարդող, իր ժողովուրդը անհայրենիք դարձնող, իր ժողովուրդին դարաւոր մշակոյթի գանձերը կրակի տուող ժողովուրդի մը, թուրք ժողովուրդին բանուորական շարժումը ղեկավարող Արամ։