Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/250

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

էս էրեււան էի: Ինքն ալ երեւան եկաւ: Երբ ծանօթացանք, աղայ, զարմացայ րսաւ, Սփիւռքի մէջ գիրքս առաջին գրախօսողը դուն եղար:

Անկէ ետք, ես ալ ուսանող էի, Վարդերեսն ալ։ Իրար տեսնելու շատ առիթներ ու նեցանք Երեւանի, Փարիզի, Հալէպի ու Պէյրութի մէջ:

Գործունեայ տղայ էր Վարդերեսը։ Նախաձեռնութիւններու մարգ։

Երեւանեան պայծառ տեսարաններ տպագրել տուաւ Եւրոպայի մէջ օրացոյցներ տպել տոաւ, գիրքեր տպել տուաւ: Այս ուղղութեամբ ինչ որ Երեւանր չէր րրածէ Վարդերեսը ըրաւ-անշուշտ Երեւանի համաձայնութեամբն ու օժանդակութեամբը։

Աշխարհը նեղ Է իրեն համար: Միշա կը պտտի։ Պտտած միջոցին, խօսած միջոցին, խմած միջոցին, խնդացած միջոցին կաշխատի: Հելալ ՐԱայ։

իր գործերէն աւելի ուրիշները կը մտածէ, ուրիշներուն գործերը կր տպէ, մատենաշարոՎ: Ի Վերջոյ, իրմէ ալ գործ մը կր հրատարակէ:

Մէկ քանի տարիէ ի Վեր չեմտեսած զինք։ Ուշացումով ամուսնացաւ: Հայր դարձաւ: Աշխարհը առաւել անուշցաւ իրեն համար:

Ո^ւր ես Վարդեր...

ԳՈԻԳՈՈ ՝ԻԷՕՍԷԵԱՆ: Անուն մը եւս Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»էն: կանոնաւոր հետեւող մը ուրբաթօրեայ հանդիպումներուն: Ելոյթ ունեցող մր. Վիճաբանող մր:

Անկասկած, Գրիգորր շատ բան ըրաւ պէյրութահայ թատրոնին ել նկարչութեան համար:

Թատերական որեւէ գործի մասին անպայման բԱնէիք ու նէր, նկարչական որեւէ ցուցահանդէսի մասին անպայման բռելիք ունէր: Ու իր խօսքր լսելի էր, հասկնալի, ընդունելի:

Զափա ած կշոու ած մարդ էր: Ու ահա մեր բարեկամութիւնը արուեստագէտ այս տղո/ն հետ կր շարունակուի երեսունՎեց տարիներէ ի Վեր։

Միշտ Պէյրաթ: Վեր ջին տարիներուն Պոսթըն կր գտնուի, ուր երկու անգամ գացի տեսնել ղինք: Խմբագիրն է «Պայքար»ին:

Յօդուածներ շատ գրածէ: Գիրք հրատարակելու սոՎորութիւնր չու­նէր: Բայց ա հա հրատարակեց գիրք մր Գառզուի մասին: Օշական պիտի ըսէր,– Իրաւ գիրք մը:

^՝ՐՒԳՈՐՐ սեփական ճիգերոՎ, կարդալոՎ, ուսումնասիրելոՎ դարձաւ արուեստաբան: Արուեստներու հարցին մէջ իր խօսքր կշիռ ունի:

Պէյրռրթի նէջ, ոչ միայն հայկական շըջանակները ծանօթ են Բէօսէեանին, այլ նոյնքան մըն ալ արաբական շրջանակներր: