Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/252

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ինքն է, որ ինծի ծանօթացուր արձանագործուհի էւփիմէն, Տարիա Կամսարականը եւ տակաւին ուրիշներ։

Պոհեմի կեանքով կ քապրի, իր արուեստի գործերովը կ քապրի Տիգրան:

Այս բոլորին հետ, ա զգային հայրենակցա կան վարչական գործերով ալ կը զբաղի:

վերջերս, յօդուած մը գրած էր «Աշխարհ» շաբաթաթերթին մէջ ու իր գրածը կտրելով ինծի ղրկած, յօդուածին տակը ձեռագիր աւելցնելով.– իեզմէ վարակուեցայ, սկսայ գրել։

Ողջոյն գործերուդ, Տիգրան, բայց ըսէ ինծի, արուեստիդ մէջ ե՜րբ դուրս պիտի գաս փուանթիլիզմէն, քու խօսքերովդ հայկական գորգագործութենէն եւ տիրական անուն մը դառնաս։

Կը նկարես, լաւ է, կը վաճառես, լաւ է, կը սիրեմ նկարներդ։

Ոայց ըսէ ինծի, կը բաւէ՜օ այսքանր:

ՎԱՀԷ ԿՈՏԷԼր Զուիցերիա կքապրի։ էս իրեն ծանօթացայ էրեւանի մէջ։ Ոանաստեղծ է։ Ֆրանսերէն կը գրէ: Մայրը հայ է, Կիպրոս ապրող Կարապետ Փափազեանին քոյրը, իԱկ հայրը։ զուիցեւրիացի բայց մասնադիտութեամբ հայագէտ։

Ահա թէ ինչու Վահէ Կոտէլ սա հուն կը խօսի հայերէնը եւ դեղեցկօրէն թարգմանած է Վարուժանի «Հացին Երդը» ֆրանսերէնի։

1984ին, Գառզուի Փարիզի բնակարանէն կապուեցայ Կոտէլին։ Ու­րախացանք իրարու ձայնը լսելով։

Նոյն տարին, դիմեցինք նամակով մը Ժընեւ, Կոտէլի հասցէին, Հալէպի Հ.Ե*Ըփ անունով, որ գայ զեկոյց մը կարդայ Վարուժանի մասին։ Առաջարկը ընդունած էր։ Ժամանակը յարմար չէր։ Կր խոստանար օր մը գալ Հալէպ։

Հաճելի եդան մեր երեւանեան հանդիպումները, որոնց մասին յօդւածով մը հանդէս եկայ Հայ Կտրողներու Միութեան օր գան «Կ՝րական Թերթ» շաբաթաթերթին մէջ։

Տարիները մեզ չեն հեռացուցած։ Տարիները Վահէ Կոտէլը չեն հեոացուցած հայ գրականութենէն, ղոր այնքան կը սիրէ, որքան մայրը զինք կը սիրէ։