Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/257

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ուստեսիլէն եւլոյթ ունենալու Գեմիրճեանի գիրքին մասին եւ Ֆրանսայի նախագահ ա Զօրավար Տր ո/ի շնորհակալութեան դիրին արժանացայ:

Այս ըսելով, Վիքթոր կարտոն վազեց դէպի իր սենեակին աջակողմ­եան պատը, Հոն զետեղուած գզրոցէ մը նամակ մը դուրս քաշեց ու դրօշի պէս շարժելով աջ ձեռքովքիթիս տակ դրաւ - կարդացէք պարոն, ըսաւ, ահա Տր Աոլին նամակը:

կարդացի: Իրաւ, որ զօրավարը շնորհակալութիւն կը յայտնէր Վիքթոր կարտոնին:

Ոայց այս նամակը արդեօք պւս տշա ճո ւթիւններր յարգող - փրոթոքոլ - Ժէսթմըչէ՞ր։

Այնուհետեւ, Վահրամ կաքաւեան, աջ վազեց, ձախ վազեց, զանա­զան գզրոցներէ, դարակներէ հարիւրակ մր նամակներ բերաւ ու թափեց ոաքերու ս տակ:

կարդաք պարոն, ըսաւ, կարդացէք սա նամակները, իմ գիրքերուս մասին են: Հայր իր պատեանին մէջն է; Մենք պէտք է դուրս գանք մեր պատեանէն։ կարդացէք, ահա օրինակ, սա նամակը, որ ինծի ուղղուած է պելճիգացի րնթեւրցոդուհիէ մր:

Հրահանգ էր: կարդացի: Ֆրանսերէն ազուոր նամակ մըն էր, ուր պելժ կին մր կ յրսէր, թէ նոր շէնք մր կաոուցել տուած է, ու պատրաստ է յարկաբաժին մր ամբողջ յատկացնել Վիքթոր կարտոնին, որ մեր հայ­ րենակիցը երթայ այնտեղ հեղինակել իր գրական ստեղծագործսւթիւններր

Սքանչեւյիաոաջարկ:

Նամակներուն առատութիւնը, անոնց բովանդակութիւնը, իրականութիւններ էիր: Գրագէտին ժեսթերն էին թատերական:

Ու տակաւին կիսեն թէ, ըսաւ կաքաւեան, Վիքթոր կարտոնը չի կարդացուիր; Փաստերը թող խօսին։

Այսօր Վիքթոր կարտոնր չկայ; Փաստը այն է, որ իր մասին խօ­սողներ ալ չկան:

Արմէն էիւպէ ն - Շահնուրն ալ չկայ, րայց Շահնուրի մասին կը խօսին թէ ֆրանսացիր, թէ / հայերը:

Իսկապէս փաստերը թող խօսին...