Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/259

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԴՈԿՏ. ՅԱՈՈՒԹՒՒՆ ԷՍԷեԵՒԷԵԱՆը մելգոնեանցի էր, բանաստեղծ էր: Գնաց Պրիւքսէլ, տիրացաւ բարձրագոյն ուսումի, վերադարձաւ, դար­ձաւ ուսուցիչ։ Այսինքն յոյս մրն էր չոգալու պատրաստ, դարձաւ տաժա­նակիր: Տաժանքը իր բաժինն էր, հունձքը իր աչակերտներուն:

Շատ լսած էի իր մասին։ Մէկ անգամ ալ տեսած: Բայց ահա ա նցեալ Հոկտեմբերին, երբ Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը. Միութեան Տան սրահին մէջ ինծի խօսք տրուեցաւ, բեմէն իջնելուս պէս զիս գրկեց ու ճակատէս համբուրեց էսէկիւլեանր: Երբ զարմացած իրեն կը նայէի, ըսաւ,– Չճանչցա՞ր, էսէկիւլեանն եմ:

Այո, փսխուած էր չատ: Գացի ոամկավար օրգանին խմբագրատունը եւ րսի, այստեզ, մեծթիլով մտաւորականներ ունիք, ի՞նչ կ ինէք, ինչո՞ւ չէք ապահովեր անոնց աչխատակցութիւնը: Այս մարզիկը կրնան հարստացնել ձեր չաբաթաթերթը: Անուններ կքուզէք, առ նուագն տաս անուն կրնամ տալ, սկսիմ էսէկիւլեանէն...

Վահան Գոչունեան, որ այդ օրերուն խմբագիր էր, իրաւունք տուաւ ինծի։

էսէկիււեան, չգրե՞ս։ Սերին ապրած Ամերիկային մէջ ասացուածք մը կայ, քոք սիրած եմ, առանց Ամերիկա հաստատուիլ ուղելու - 1էՀՏ ՈՇ1ՇՐ Խէ(։, երբեք ուչ չէ:

ՔԱԶԱԶր Երեւանի մէջ ճանչցայ։ Բաբի, արուեստասէր մարգ էր։ Օր մր, եարպիս ԱուրԷնեան բարեկամս, ըսաւ ինծի,– Գիտե՞ս, Բաջաղր արուեստագէտ նկարիչ է։ Զե՞ս հաւատար։ Այս գիչերուան համար ժա­մադրութիւն մր առնենք, երթանք տունը եւ տես:

Գացինք։

Անակնկայ էր ինծի համար: Յաճախ սուրբ գրային նիւթեր կր չօչափէր, թէեւ ֆուքլորիք նիւթեր ալ ունէր; Եր գոյները հակուած էին դէպի մութր, րայց կր պահէր ինքնատիպ ոճ մը։

Երեւ անի մէջ դժուար թէ րնդունուին գործերդ, ըսի։ Թէեւ պէտք չէ յուսահատիս:

Քջազ չյուսահատեցաւ։ Սկիզբը իսկապէս չրնդունեցին գինք, րայց կամաց-կամաց, խաւարէն վերջ ոյսին եկող աչքի նման վարժուեւցան: