Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/265

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տարագրութեան դատապարտուածը մեռաւ տարագրութեան մէջ։ Փարիգի յոյսերը չկրցան լուսաւորել Ահարոնին կեանքը...

ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՀԵԱՆին հանդիպած եւմ միշտ «Յառաջ»ի խմբագրա­տան մէջ։ Միշտ աշխատանքի պահուն: Երկու ան գամ հանդիպեցայ խմբագրատունէն դուրս, առաջինը Տէր եւ Տիկ. Կարպիս Զրբաշեաններու բնակարանին մէջ, Վահրամ Սավեանի ներկայութեան, երկրորդր «Աշխարհ» շաբաթաթերթի քսանհինգամեւակի տօնակատարութեան, ուր յոբելեար թեւրթին խմբագիրը Աւ ետիս Ալեքսանեան, անոյշ խօսքեր ըսաւ, ինչպէս Վահրամր: Երկուքն ալ չէիե գիտեր, որ մահր մօտիկ տեղ մը դարանակալ, դիրենք կր սպասէր:

Արփիկ Միսաքեան իր հօրը գործը ձեռնհասօրէն կր շարունակէ ու պիտի շարունակէ քանի ուխտեալ մըն է, ու այս, մենք գնահատենք կամ պարսաւենք գինք:

Նուիրեայ մըն է։ Երբեմն իր տեսակէտները կրնանք չրնդունիլ, բայց իր անկեղծութեան մասին չենք կասկածի/ւ։

Ըսի հօրը գործր շարու նակեց, նաեւ հօրը գիծը։ Շահնուրի մասին ժամանակի մարգեր ինչե՜ր չրսին ու չգրեցին, սպառնացին ալ, բայց Շաւարշ Միսաքեան «Ցառաջ»ի մէջ տպեց ու իր լրումին հասցուց Շահնուրի վէպը, որ այսօր կայեկոծէ հայ գաղութները:

Արփիկ Միսաքեան ըրաւ աւելին։ Պատճառ եղողներէն մէկն էր, որ Շահնուր վերադարձ մր կատարէ դէպի մեր գրականութիւնը:

Աւեյին, Արփիկ Միսաքեան, Շահնուրին համար եղաւ բոյժքոյր մր։ Ու անոր մահէն ետքն ալ մեծ գրողին մարմինր ի պահ դրաւ իր հօր դամ­բանին մէջ...

Ահա նկարագիբի տոկունութեան օրինակ մը, որ ոչ թէ մեր կին գրողներուն եւ հրապարակագիրներուն, այլ այր մարդոց մօտ իսկ կը պակսի, բացակայ է։

Մեր խօսակցութիւններր այսինքն իմ ու Արփիկի, եղած են կարճ։ Գիրթի մր մասին, թերթի մր մասին, Սարոյեանի մասին, Շաւարշ Նարղունիի մասին, Կարօ Մեհեանի եւ Շահնուրի մասին։ կարճ, միավանկ բառերով խօսակցութիւններ։

Ըայց մամուլին մէջ Արփիկ Միսաքեան բագմավանկով կ Արտա­յայտուի։

Արժանաւ որ կին խմբագիր մր Արփիկ Միսաքեան։