Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/267

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊԵՈՃ ֆԱԶԼԵԱՆր չէք ճանչնար: Ներկայացնեմ։ Ծնած է սխալ տեղ մր Իսթանպալ: Մեղքը իրը չէ, ոչ ալ հօրն ու մօրը: Պէտք էր ծնած ըԱար Երեւանի մէջ, մայրենի հողին վրայ, որպէսզի հայ թատրոնին տար սփիւռքի տուածին տասնապատիկը։

Ժիսունական թուականներուն Ֆաղլեանը եկաւ Պէյրութ, դարձաւ «Գրական էրջանակ»ի սիրուած անդամներէն մէկը եւ Պէյրութի հայութեան մօտ թատրոնի հանդէպ սէր ու ակնածանք յառաջացուր ամէնէն եռան դուն բ եմադրիչր։

Նիհար իր մարմինին մէջ անվերջանալի եռանդ մը ունէր։ Այդ եռան­դը կը փոխանցէր խոսակիցին, կր փոխանցէր հանդիսատեսին բեմին։

Ես պոլսեցի չէի, բայց Պերճին հետ այնքան մտերմացանք, որ կարծէք նախկին ծագեցիներ ըլյայինր, միասին աչխփուկ խաղացածըըայինք։

ք^ագրամեանի անուան ակումբէն նեբս մենակատարումներ կունե­նար։ Նխթե՜իբ՝ այլազան։ Սեբթ Զեխովի «Զինավնիկի Մահ»ն էր այդ, մերթ սիրահար ղոյգերու խօսակցութիւն։ Ինչ ալ ըլլար նիւթը, մեզ լացնելու չափ կր խնդացնէր:

Քառասուն տարիէ ի վեր բեմի կը ծառայէ Ֆազլեան, հայ բեմին, այդ անունով ալ թատերախումբ մր ունի այսօը Սոնթրէալի մէջ։

Պէյրութ, փոթորիկներ ստեղծեց։ Երբեմն, պետական արգելքի հան­դիպեցան իր բեմադրութիւնները։ Սկիդրը Փափազեան թատերախումբը Ֆաղլեանով շնչեց, մինչեւ Գրիգոր Սաթամեանին գալը։

Յետոյ լիրանանեան չափանիշերուն հասաւ հանդէս գալով Ֆէյրռւզի հետ, բայց միշտ, առանց լքելու հայ բեմը։

Լաւ կեանքի ընկերուհի մրն ալ գտաւ՝ Սիրվարդր, որ եթէ առաջ Ֆաղլեանը կր սիրէ, ապա աո աջ՜առաջ սիր ած թատրոնը կր սիրէ։

Հիմա ըսէր ինծի Սիրվարդր առաջ Ֆաղլեանր կր սիրէթէ թատ­րոնը։

Սիրվարդր ամէն օր Ֆաղւեանին հետ է, այսինքն ամէն օր թատրոնին հետ է։ Միասին կ աշխատին, միասին բեմ կեըեն, Սիրվարդր, ինք կը կարէ քոսթիւ մնեւրր, կր նկաըէ։ Ուրեմն դերասան բեմադրիչի ընտանիք։

198հի Հոկտեմբերին, տասնեօթ օր Մոնթրէալ կը գտնուէի։ Տասնեօթ օր Ֆաղլեաննեւրուն հետ էի։ Պերճին մօրը հարցուցի,– Ինչո^ւ Պերճին պէս հատ մրն ալ չես բերած։ Հայրն է յանցաւորը, ըսաւ։ Ես շրթունքս խածի։

Պերճ Ֆաղլեանին մասին կարժէր գիրք գթել: Գրեցի։