Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/268

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆին ծանօթացայ Լոնտոնի մէջ.– Ու սահող էր: Երբ աւարտեմ՝, ըսաւ, Պէյրութ պիտի վերադաոնամ ու նուիրուիմ հայ թատրոնին:

Խանդաւառ երիտասարդի խօսք կարծեցի այս արտայայտութիւնը:

Գրիգորր, որ Աղամեանի մականունին վրայ Ս– մըն ալ աւելի ունէր, կատարեց իր խոստա մր: Վերադարձաւ Պէյրութ, նուիրուեցաւ հայ թատրոնին: Դերասան էր ու բեմադրիչ:

Ւր օրով Հ.Ր.Ը.Միութեան «Փափազեան» թատերախումբը ապրե­ցաւ իր փառքի օրերը: Երիտասարդութիւնը խմբուեցաւ այս թատրոնին շուրջ, որ շրջապտոյտներու ալ ելաւ մինչեւ հայրենի Երեւան: Այս վերջինը անմոռանալի պիտի մնայ:

Գրիգոր Սաթամեանը ներկայիս անցած է Նիւ Եորք եւ լրիւ նուիրւած է հայ թատրոնին: եր թարգմանէ, կր բեմադրէ, կուսուցանէ: Այսօր Նխ Եորքի մէջ է, վաղր Սոնթրէալ, օր մը Լոնտոն է, օր մը։ Հարաւային Ամերիկա:

Տեսայ իր բեմաղրութիւններր թէ Թորոնթոյի, թէ Մոնթրէալի, թէ Նիւ ճրրզիի մէջ: Ողջագուրուեցանք; Յիշեցինք լոնտոնեան մեր հան­դիպումը:

Երդում մը եւ իրագործումներ:

Սարդ ճանչնալու համար այսք անլ րաւարար է:

Սաթամեանը տակաւին ունի կտրելիք եր կար ճանապարհ ու ինք զինուած է այդ ճանապարհին համար:

Աչքդ սիրեմ, Գրիգոր, մէյ մրն ալ Հալէպ եկուր, մենք ալ հայ ենք:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆր բանաստեղծ պիտի ԸԱայ կըսէի, քանի ՈՐ Պէյրութ, «Դրական Շրջանակ»ի հանդիպումներէն դուրս կր գտնէր դիս ու կըսէրՐաներ մր դրած եմ: Այնքան կամաց կր խօսէր, որ չէի լսեր: Մեր տղայ, կըսէի, խուլ չեմ, ծերացած շեմ, բայց չհասկցայ, ի^նչ ըսիր:

Րանաստեղծութիւններ գրած եմ, կըսէր, կր կարդանք, ձեր կարծիքը կոն տա Հք: կր կարդայի: Մեծարենցէն ու Զարիֆեանէն շունչ մր կար Յարութիւնին բանաստեղծութիւններուն մէջ: