Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/269

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Յանկարծ կորսու եցաւ Յարութիւնը։ Հօրը սափրիչի խանութին մէջ Պէյրութի Հաճրն թաղի բերնին, ալ չէի տեսներ զինք: Ո^ւր էր։

Լսեցի, որ Փարիղ հասած: կ նւսանի: Օր մըն ալ լսեցի, որ նկարիչ է դարձեր Յարութիւնըր, արուեստագէտ երփնագրող։

Շատ ոշ տեսայ իր գործերը: Իր գործերը տեսայ Փարիղ։ կապրէր Լիւքսէնպուրկի պարտէպին նայող շէնքի մը վերջին յարկին վրայ: Կիջնէինք Լիւքսէնպուրկի այգին, կը դիտէինք սիրոյ տեսարան մը դիտող Աստու ծոյ արձանը, անոր նախանձը կր դիտէինք ու կը խօսէինք արուեստի մասին:

Ալ բանաստեւղծութիւններ շէր գրեր Յարութիւն Թորոսեանը, րայց իր նկարներուն վրայ բանաստեղծական շունչ մը կար, վարդի բոյր մր կար, դեղձանիկի դայլայլ մը, ապրշումի շիթեր։

Նկարշու թեան մէջ բանաստեղծ դարձած էր։

Միշտ ղիրար կր տեսնէինք Փարիգի մէջ։ Յետոյ տեսնուեցանք Երե­ւանի մէջ, աւելի ուշ Պէյրութ։

Այստեղ դասախօսներէն է լիր ան ան եան գեղարուեստից ակադեմ­իային: Անհատական ցուցահանդէսներ կու տայ։

Իր ուշքն ու միտքը հայութիւնն է։

Յարութիւնը կը շարունակէ ստեղծագործել։ Անոր իւրաքանչիւր քայ­լը հայութեան համար է։

Ողջոյն հին, րայց չհինցող բարեկամ, դալար մնայ կեանքդ, դալար մնայ վրձինդ։

Ու երբ օր մը հասնիս Հայաստանի արտերուն, ճամբուդ վրայ ծիլ ու ծաղիկ թող րլ/այ։

ՎԱՎԱ ՍԱՈՂ՝ԻՍ ԽԱԶԱՏՈԻՈԵԱՆըք տրապիգոնցի հօր՝ Արտաշէս Սարեան եւ չմշկածագցի մօր՝ Վերգինէ Մուրատեանի դուստրն է։

Առաջին ան գամ իր ձայնր լսեցի հեռախօսով, Ղամասկոսէն։ կարծեցի Հալէպէն, օթէլ Պարոնէն կը ձայնէ, ուստի ըսի,– Վավա, սիրելիս, հիմա կու գամ եւ կ քաոեւ անգեմ ձեղ, բերելու համար մեր տունը։ Տիժ, ըսաւ, րայց գիտելս թէ ուրտեղէն կր խօսիմ, Ղամասկոսէն, Դամասկոսէն։

Ջինք դիմաւորեցի Հալէպի հռչակաւոր հայկական օթէլ Պարոնի դրան սեմին։

Ահա, երկիրներ տեսած, աշխարհներ շրջած, աշխարհի մեծերուն հետ սեղան նստած Վավան, տասնամեակնեւրու ալիքներուն վրայ նա­ ւարկող Վավան Հաքէպի մէջ։ Տարին 1077 է եւ ամիսը՝ Յուլիս։