Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/270

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մենք իրար չէինք ճանչնար: Եայց ահա Վավան, վստահելով զիս ի բացակայութեան իրեն ներկայացնող բարեկամի մր խօսքերուն, իր գործերէն մէկը բերած է ինծի որպէս նուէր: Այստեղ երկու անակնկալ կայ, առաջինը ուրեմն մարդոց մասին լաւ խօսողներ ու իրենց խոսակիցը համոզողներ ալ կան աշխարհի վրայ, չմոռնանք։ Երկրորդ նուէրը: Այդ նուէրր, ահա տարիներէ ի վեր տանս պատէն զիս կը դիտէ, կը կանչէ զիս երկխօսութեան։ Նկարը կը կոչուի «Լիլիթ»։ Աւետիք Իսահակեանի Լիլիթն է։ Սերկ կին մը համատարած բոցերու մէջ։

Այդ Վ ավան է, որուն կեանքը եղաւ անընդմէջ այրում։

Վավան դասախօսութիւն մը կարդաց Հալէպի Թէքէեան ակումբին մէջ, լուսապատկերներով ու կինօժապաւէնի ընկերակցութեամբ: Նիւթլ, Սարդիս Խաչատուրեւանն էր, արուեստն էր, իր ամուսինին արուեստը կը ներկայացնէր։

Այնուհետ եւ ես Վավային հանդիպեցայ տարբեր ցամաքամասերու եւ երկիրներու մէջ։

1982ի Դեկտեմբերին, հակառակ վ իր արո ւժա կան գործողութենէ մը նոր ոտքի ելյեյուն, Վավան զիս ու աղջիկս Անին ընդունեց Նիւ եորքի Մէնհեթըն կղզիին վրայ գտնուող իր տունին մէջ։ Երկու նկար նուիրեց մեզի իր արուեստի գործերէն։

Երկու հանդիպումներու ընթացքին Վավային ու եդբօրրա կարօ Սարեանին կարդացի այն փոքր ուսումնասիրութիւնը, դոր կատարած էի Սարդիս եւ Վավա Խաչատուրեաններու մասին։ Ցուցուեցաւ Վավան։ Նոյնպէս եղբայրը։ Հայերէն լեզուով գրքոյկ մր ան գամ լոյս չէ տեսած ամու­սինիս մասին, մեծատաղանդ ու նուիրեալ այս հայուն մասին։ Աը խնդրեմ, ըսաւ Վավան, մօտս թողուս այս գրածդ, որպէսզի հրատարակեմ գիրքի ձեւով։ Իսկ եղբայրը, քիչ մր քաշուելով, առաջարկեց, որ այդ գիրքին յառաջաբանը ինք գրէ:

Երկուքին առաջարկն ալ րնդունեցի։ Այդ փոքր գիրքս։ «Արուեստի Երկ ու Երկրպագուներ» խորադիրով, լոյս տեսաւ Նիւ Եորքի մէջ, 1983 թուականին:

ենծի համար ան մոռանալի պիտի մնան Վավային հետ իմ հանդի­ պումներս Երեւ անի, Նիւ Եորքի, Հալէպի, Պէյրութի, Գահիրէի, Պուէնոս Այրէսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։

Միչտ նոյն կինն էր, պատրաստաբան, խելացի, խօսակիցին արժէք տուող, խանղավաո հայուհին։

Սովորութիւն կւսյ մեր մօտ, որ ըսենք,– Այսինչը հայրենասէր մարդ է։ Վավային համար քիչ էր այդ խօսքը։ Հնարք մը կուզէր գտնել ամէն Օր օգտակար րլալու համար մեր ժողովուրդին։

Ինչ որ դիտէր, լաւ դիտէր։ Աքանչելի էր իր ռուսերէնը, ֆրանսերէնը.