Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/271

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անգլերէնը: Ակ չեմխօսիր իր պայծառ, արեւմտահայերէնին ու պայծառ արեւելահայերէնին մասին։

Իր մէկ խորհուրդը հաւնած ու գործադրած եմ։ երբ, ըսաւ Վավան, արուեստի մասին կր գրես, արուեստագէտին գործը ներկայացուր։ Մի պարսաւեր։ Եթէ պիտի պարսաւես, առանձին հրապարակագրական յօդուած գրէ եւ ուզածդ ըսէ։

Ու երբ գործադրուած տեսաւ իր ըսածը, օր մը, գլխարկին վրայէն դէպի դէմքը երկարող շղարշին տակէն ժպտուն, ըսաւ ինծի,– Թորոս, կր կարծէի, որ կարծր մարգ ես, եւ խորհուրդս չես ընդունիր։ Սխալած եմ, կր շնոր հաւորեմ քեզ։

Վավան վայելած է բարեկամութիւնը Մաթիսի, Շէյքսփիրի թարգմանիչ Յովհաննէս Խան Մասեհեանի, Աարուխանի, Աւետիք Իսահակեանի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ այնքան ուրիշներու։

Իր կեանքը ճամբորդութիւն մը եղած է։ ճամբորդութիւն յանուն իր ժողովուրդին։ Սիրածէ ծաղիկները, ծաղիկ նկարածէ։ Ծաղիկ չէթռցու­ցած իր կեանքին մէջ։ Ծաղիկները համբուրած է։ Սիրած է Հայ կինը ու միշտ ձգտած է նկարել հայ կնոջ սիրտը։

Վավան, յաւիտենական իր հանգիստէն ետք ալ կը շարունակէ ճան­բորդել իր գործերով, յիշատակներովր իր, իր ծաղիկներով սիրտէ սիրտ, հոգիէ հոգի։

Զարի ճամբորդութիւն, միշտ իր խարիսխը փնտռող Վավային։

ՇԱՈԹ ՅԱՈՈՒԹԻԻՆԵԱՆ։ Ահա անուն մըն ալ, որ եթէ անցաւ Աուրիայէն ու Լիբանանէն իրեն համար ոբպէս կայք ընտրեց արուեստներու մայրաքաղաք Փարիզը։

Վուզէի տեսնել այս իւրօրինակ նկարիչը, որ մարգերը կը նկարէ քիչ մը այլափոխուած ձեւով, չըսելու համար կոպիտ, այս նկարիչը, որ նաւակներ կր նկարէ ծովերու ափին չես գիտեր ուր նաւարկելու ի պեղումն այլուրութիւ ններու։

կարպիս Ջրբաշեանը, Փարիզէն, ժամադրութիւն մը կապահովէ ինծի համար, ու ահա ոչ կարճ ճամբորդութեամբ մը մենք կը հասնինք մայրա­քաղաքի այն արուարձանը1 Արնուվիլ, ուր կ՚ապրի Շարթ։

երկաթէ առողջութեամբ մարգ մր, կարծէք երկաթագործ մը, որ երբ ժպտեցաւ, այնքան անուշութիւն մը կար այդ ժպիտին մէջ, որ ըսի մտովի,– Ահա արուեստագէտը։

եր կար խօսեցանք։ Զաւակները հայկական դպրոց կը ղրկէր։ Նիւ–