Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/272

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թապէս գոհ էր կեանքէն։ Ամէն օր կը նկարէր: Իր մտահոգութի^ւնլյ հայապահպանումն էր։ Երբ կր խօսէր հայուն անրաւարար աշխատանքին, պարտուոդական ոգիին մասին, բառերը կը դառնային ատրաշէկ, երկա­թագործն էր, որ քուրային առջեւ ոտքի, մուրճը ձեռքին, հայուն կուգէր տալ այն ձեւը, զոր ինք կքուղէր։

Լաւ տպաւորոլթեամբ բաժնուեցանք այս արուեստագէտէն:

ՅԱԷՈԸ ՍԻ՝ԻԱՑԷԼԵԱՆին ծանօթացայ 1970 թուականի վերջաւո­րութեան։ Շա տով պիտի աւարտէր Դամասկոսի համալսարանին անգլիա­կան գրականութեան բաժինը։

Տակաւին երկրորդականի աշակերտ, ունէր նախափորձեր։ Դերասան էր։ կապուած էր թատրոնին եւ նոյնիսկ սուրիական մէկ քանի ֆիլմերու մէջ դեր վեւրցուցած։

Աւարտեց համալսարանը ու վերադարձաւ Հալէպ։ Տարիներով ըրած է ուսուցչութիւն։ Փորձած է նկարել նաեւ։ Ունի նկարչական ճաշա կ։ Գեղագարդած է շատ մր գիրքեր։

Ուրեմն։ թատր ոն, ասմունք, նկարչութիւն, ուսուցչութիւն եւ գրականութիւ ն։

կեանքը եւ փորձր ցոյց տուաւ, որ հանրային աշխատանքի մէջ անմրնացորղ նաիրումով աշխատող այս տգան ամէնէն աւելի գրող է։

Իր յօգա ածնեւրր եւ երգիծական նշմարները «Զարթօնք» օրաթեր­թին մէջ, կր կարդացուին հաճոյքով։ Ընթերցողը կքուրախանայ «Շիրակ» ամսագիրին մէջ երեւցող իր պատմու ածքներով։ Այդ է իր ճանապարհը։ Այդ ճանապարհը պողոտայի վերածելու համար կածանները պէտք է թողու ուրիշներու։

Թարգմանութեամբ ալ կր զբաղի։ Թարգմանած է մէկ քանի թասւրերգութին եւ ի մասնաւորի պատմուածքներ արաբ գրողներէ։ Այս վերջինը Հայ արար յարաբերոլթիւններու տեսանկիւնէն կարեւոր է։

Հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած է Վարդան Այգեկցիի առակները, Իա1Ց տսագրութեան չէ յանձնած, երբ վերջին պահուն իմացեր է, որ այս առակները իրմէ առաջ թարգմանող եղած է։ Դիրք մը կրնայ մէկէ աւելի թարգմանիչներ ունենալ։ Անհրաժեշտ է Այգեկցիին առակներուն արա­բերէնով հրատարակուիլը։ Հրատարակեցի։

Այս բոլորէն վեր, եսասիրարար ըսեմ, որ Յակոբ Միքայէլեան իմ երկու թոոնիկներուս հայրն է։

Այս յայտնութենէն ետք, կրնա^մ այլեւս խօսք մր աւելցնել իր մասին։

Պիտի րսէք փեսան կը գովէ։ Այդ գովեստին պէտք չունի Յակոբը։