Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/284

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Անմիջական աղջիկ, անմիջապէս հեռախօսով կապուեցաւ Ռոժէ Պոտարին հետ ա ժամադրութիւն մր ապահովեր մեղի համար:

Տակաւին, Մի շլին Բորէյր առաջարկեց, որ հայ գրականութեան մէկ համայնապատկերը պատրաստենք ու հրատարակենք ֆրանսերէնով:

Սեր ուժերէն վեր էր։ Ծրագիրի սահմաններուն մէջ մնաց բանաս­տեղծուհիին միտքը, հակաոակ կրկնակի մեր տեսակցութիւններուն:

Մի շլին ԲորԷյի գրական անունր Լիւք Նորեն է:

ՌՈԺԷ ՊՈՏԱՈին հետ մեր տեսակցութիւնը կայացաւ Պրիւքսէլի սիրտին «կրանա Փլաս»ի վրայ քացուող ճաշարանի մը մէջ: Շուրջանակի շէնքեր էին կոթական ճարտարապետական ոճով կաոուցուած: Հանդարտութիւն պարտադրող թաղամաս մը:

Երկար խօսեցանք րանաստեղին հետ: ճերմկիլ սկսած, վւոքր մօրու­քով, անսահման բարի ւՒպիտով մարզ մրն էր Պոտար, որ շատ ճամբորդած, շատ ժողովուրդներ տեսած մէկն էր:

Մէկ թանի անգամ գտցած էր Աւիրիկէ: Սեւամորթներու ջերմ պաշտ­պանն էր:

Ինձի համար մակագրեց իր մէկ գիրքր, ուր բանաստեղծական ամէն տողէ մարդկայնութիւն մր կր ճառագայթէր:

Ռո</Է Պոտար, սիրով ընդունեց պելճ մամուլին մէջ Թումանեանը հրատարակելու առաջարկս: Իր հետ տարաւ այն թարգմանութիւնները, որ ունէի: Ըսաւ.– Այս գիշեր կարդամ, գաղափար մը կազմեմ ձեր բանաստեղծին մասին, վաղը կարծիքս կը յայտնեմ:

Երկար տեսակցութիւն մը Պոտարին հետ, ուրախացուց զիս: Պոտար սիրած Էր Թումանեանը, սակայն ընտրութեամբ պիտի տպէր բերած գործերս:

Պոտար կիսէր, թէ պելճ ընթերցողին ճաշակը նկատի ունենալ անհրաժեշտ է թարգմանաթիւններու պարագային:

Կրկին տեսնուելու խ ոստումով բաժնուեցանք մարդկայնական ղունչ ունեցող, մեղն ու բաբի այս պելժբանաստեղծէն, որ կանտի մէջ Դանիէլ Վարուժանի դինաքանդակին զետեղման օրը, տեղւոյն վրայխօսք առնող­ ներէն մէկը եղած է: