Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/286

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ո ոզէնթալփն, թէ մայրս իր մայրենի լեզուն՝ հայերէնը չէ իմացած, թէ ես, մինչեւ եօթ տարեկանս, մինչեւ Հալէպ դպրոց յաճախելս, ոչ մէկ հա­յերէն բառ գիտցած եմ, թէ թուրքերը, երբ մեր ծնողները երկիր կը գտնուէին, տակաւին մեծեղեռնէն չատ առս/ կտրած են տասնեակներով հայերու լեզուները զանազան քաղաքն եր ու մէջ Անատոլուի խորերը, որ մեր սերունդները թրքախօս դարձնեն ու յաջողած են որոշ չափով:

Թէ ես, հայերէնը սորվելէս ետք նախակրթարանի աշակերտութեանս ընթացքին, իմ կարգիս, մօրս հայերէն գրել-կարդալ ու խօսիլ սորվե­ցուցած եմ։

Ռոզէնթալն ու Լւսռուսը կը յուզուին:

Ուրեմն, կիսէ տանիմարքացի գրողը, մայրդ, իր մայրենի լեզուն քեզմէ** սորված է։ Իր զաւակէ**ն։

ԱյռՀ, կիսեմ։ Ահա թէ ինչ ըրած էր թուրքը մեզի։

Ու մինչ Ռոզէնթալ ծոցագրպանէն կը հանէր իր յուշատետրը, արձանագրելու համար այս դէպքը, օգտագործելու համար պատմածս իր վէպին մէջ Լառուսը իր արցունքները կը սրբէր:

Ըրածդ, լաւ վկայութիւն մըն էր, ըսաւ Արամ Հայկազ։

Շոլոխովի ծաւալուն վէպը կը կարդայի: Միխայիլ Շոլոխովի «Խաղաղ Տոնր» - Թիխի Տոն - հայերէնով ի հարկէ։ Այդ օրերուն դժուար չէր չորս հատոր լեցնող այդ վէպը կարդալը։ Տեղ-տեղ խանդա վառուած էի ի ԷՈԼԸ ռազմիկներու քաջագործութիւններուն եւ անձնազոհութեան։

Յանկարծ, տեղ մը Շոլոխովր զայրացուր զիս, երբ գրած էր.– Հայերը վախկոտ են։

Նամակ մը հասցէագրեւցի իրեն ըսելով. - եղբայրութիւն դաղափա՜րր ձեզի թոյլատրեց, որ հայը վախկոտ կոչէք։ եւ միթէ** դուք չէք լսած ձարեշալ Ոագրաձեանի, ժեներալ Մարտիրոսեանի, Թամանեան հայկական ԴՒԼ1ՒՂՒայՒ քաջագոըմութիւններուն, Յունան Աւետիսեանի անձնազո­հութեան մասին ել այն մասին, որ հայ ժողովուրդը քառորդ միլիոն հայ զինուոր զոհ տուաւ ՈՓ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին։

Հայր վախկո**տ։ Այդ զառանցանք մըն է։

Անշուշտ պատասխան չստացայ։ հ՝իտէի թէ մեծերն ալ կը սխալին։