Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/294

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀՍԷՅՆ ՌԱՃԻն ծագումով չէրքէզ է։ @չախօս, լռակեաց, իր էութեամբ բանաստեղծ տղայ: Արաբերէնի կողքին լաւ կը խօսի թրքերէնը, ռուսերէնը, պուլկարերէնր։

Ւր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Սոֆիայի մէջ, ուր երկար ատեն խօսնակ էր։

ես Սոֆիայի մէջ ծանօթացայ իրեն: Յաճախ կը տեսնէինք զիրար: Մեր նիւթէ գրականութիւնը կըլլար։

Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երկու գիրք: Շատ մԸ գիրք եր թարգմանած է պուլկար գրականութենէն։ արաբերէնի։ Սուրիա վերադարձին, եղաւ խօսնակ ու խմբագիր ու առաւելապէս ճանչցուեցաւ որպէս թարգմանիչ:

Վերջերս, Զարենցի ռուսերէն միահատորեակ մը նուիրեցի իրեն: Շատ սիրեց: Խոստացաւ արաբերէնով հատընտիր մը պատրաստել այդ գիրքէն։

Նայինք խոստումը պիտի յարգէի:

ՀՍԷՅՆ ՀԷՄԶԷն զէճէլի վարպետ է: Դամասկոս կը բնակի: Սիրահար է նկարչութեան: Նաեւ կը նկարէ:

Զէճէլր արաբական անպատրաստից բանաստեղծութեան րնդունւած մէկ ձեւն է:

Դուք կը խօսիք արձակ, Հէմզէն կը պատասխանէ բանաստեղծութեամբ։

Զինաստան գացած էր: Վերադարձին գրեց գիրք մը, միշտ զէճէլի ձեւով: Ւր գիրքըէ որ կը կոչուի «Արտ Էլ Մաթար» մակագրեց ինծի համար:

Դիշեր մը Ւանաանի, Ատուանի եւ մէկ քանի արաբ երիտասարդ արձակագիրներու հեւտ բանաստեղծական երեկոյ մը ունեցանք Հսէյն Հէմղէյի տան նէջ, Դամասկոս:

Իսկապէ՜ս կարժէ լսել Հէմզէն։ Շրջան մր, մայրաքաղաքի ռատիո­կայանը ստէ պ կը ձայնասփռէր Հէմղէի ղէճէլներր: