Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/296

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՊՏԱԼԼԱՀ ԵՈՐԿԻ ՀԱԼԼԱԲր անուն մըն է, որուն հոմանիշ կրնանք նկատել յարատեւութ՜իւնը:

Ան, հերթերս Աուրիական պետութեան կողմէ արժանացաւ պատւանշանի: Յիսուն տարիներէի վեր կը հրատարակէ «Էէ Տատ» արաբերէն ամսագիրր Հալէպի մէջ։ Փոքր գործ չէ։ Իր մամուլի այս օրգանով Արա­ բական Սփիւռքի մտաւորականներր կապած է երկրին:

Անձամբ մեկնածէ Ամերիկաներր եւ հոն տեսակցած բազմաթիւ արաբ գրագէտներու, բանաստեղծներու հետ ու կապած իր ամսագիրին։

Իրեն համար յաջորդ մըն ալ պատրաստած է։ Իր որդին Ռիատ ՀաԱաքր։

Երեւանի ուսումնառութենէս վերադարձիս ծանօթացայ իրեն։ Իր մասին յօդուած մր ստորագրեցի «Նայիրի»ի մէջ։ Հետզհետէ մտերմա­ցանք: Երբեմն յօդուածներ կնւգէ ինձմէ իր ամսագիրին համար եւ կը տպէ։

Վերջերս, երբ Երեւանէն Հալէպ ժամանեց Հայաստանի Գրողներու Միութեւան Նախագահ՝ Վարդգէս Պետրոսեա նը, անոր ձօն ած էր բանաստեղծութիւն մր եւ ինձմէ խնդրածճ յօդուած մը արձակագիր Պետրոսեանին մասին։ Բան մր, զոր անմիջապէս կատարեցի։

Ապտալլահ կապուած է հայերու ն։ Միշ տ ընթացք տալ կ*ուգէ մեւզի։

ՈՒԱԼԻՏ ԻԽԼԱՍԻն ժրաջան արձակագիր մըն է Հալէպէն։ Շրջան մը, արար գրողներու Հալէպի ըաժանմունքին նախագահն էր։ Իր մասին ամէն կ ո ղմէ լաւ վկայութիւն կայ, որպէս արձակագիրի։

1983ին, Հալէպի մէջ նշուեցաւ Անդրանիկ Ծառուկեանի եօթանասունամեակը։ Այս առիթով, Ուափտ Իխլասին ջերմխօսք ըսաւ ոչ միայն Ծառու կեանի, այլ նաեւ րնդհանրապէս հայ ժողովուրդի մասին։

Գրագէտը նոր վերադարձած էր Հայաստանէն։ Տեսած էր մեր երկիրը, մեր մայրաքագաքր, հիացած՝իր լսածներովն ու տեսածներովը, ահա թէ ինչոԿ ջերմ էր իր խօսքր։

Այստեդ առիթ է ըսելու եւ շեշտեւլու, որ երբ արաբը մեր հողը կը տեսնէ, մեր երկիրը կը տեսնէ, աւելի եւս կր սիրէ հայլդ։

Որքան լաւ պիտի րԱար պարբերաբար արաբ գրողներ, արու գործիչներ հրաւիրել Հայաստան: