Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/297

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ինչ որ մենք ւոասնւսմեակնեւրու ընթացքին չենք կրցած րնել, Հայաստանը, որպէս շնչող իրականութիւն, մէկ այցելութեամբ կրնայ տալ:

ԽԱԼԻԷ ՀԻՆՏԱՈՒԻն փոքր չէր, երբ մեռաւ: Եօթանասունք անց էր։ Գրեթէ դրացիներ էինք։ Իմ տունէս մէկ քանի շէնք անգին կր բնակէր, ուստի, ես զինք յաճախ տեսնելու առիթը ունէի։

Հայ մր, մեր փողոցին վրայ սրճարան մը կր բանեցնէր։ Այդ սրճարանը «Սինտիպէտ» կր կոչուի:

Խալիլ Հինտաուին այս սրճարանին մնայուն յաճախորդն էր մինչեւ իր մահանալէն երկու օր առաջ:

Մեր հանդիպումները հոն կԸԱային:

Հինտաուին, ծագումով լիր անանցի էր, թայց իրեն որպէս կայք ընտրած էր Հալէպը, ուր երկար տարիներ զբաղած էր ուսուցչութեամբ:

հ՝րած էր թէ արձակ, թէ բանաստեղծութիւն: Նաեւ քննադատական յօդուածներ:

«Սինտիպէտ» սրճարանին մէջ կր սիրէր կլկլակ վառել ու իր շունչով ստեղծուած երդին տակ փիլիսոփայել:

Արաբերէնով, նոր հրատարակած էի Աւետիք Իսահակեանէն փունջ մր քերթուած ու արձակ, հայ մեծ բանաստեղծին հարիւրամեակին առիթով։

Հինտաուիին տուի երեք օրինակ, խնդրելով, որ գրախօսէ արաբա­կան մամուլին մէջ:

Շաբաթ մր ետք, երբ սրճարան գացի, ըսաւ.– Թորոս, գրասէր մարդիկ ձեռքէս առին: Նոյնիսկ կարդալու առիթը չունեցայ:

Պայուսակիս մէջ ունէի Իսահակեաններ: Անմիջապէս բացի ու հինգ օրինակ եւս տուի արաբ այս գրագէտին:

Իեզմէ ազատումչկայ, ըսաւ: Երկու շաբաթ ետք, ընդարձակ գրա­խօսական մը լոյս տեսաւ Իսահակեանի այս գործին մասին Դամասկեան մամուլին մէջ: Յօդուածը ստորագրած էր Խալիլ Հինտաուին:

Ափսոս, այդ յօդուածը արաբ գրագէտին կարապի երդը եղաւ։

Վերջին յօդուածը։