Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/298

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊԷՏԷՈՒԻ ՃԷՊԷԼ եւ ԱՀՄԷՏ ՍՈԻԼԷՅՄԱՆ ԷԼ ԱՀՄԷՏ: երկու եղբայր, երկու բանաստեղծ արաբական դասական ոճբ որդեգրած։

Աոաջինը աւագն է, որուն Հան դիպեր այ Դամասկոսի մէջ, երկրորդը։ կրտսերը, որուն ծանօթացայ Սոֆիայի մէջ, երբ արաբ ժամանակակից գրականութեան մասին դասախօսութիւն մը կը կարդար պուլկարական մայրաքաղաքի արաբ ուսանողութեան համար:

էս ու բարեկամս կարօ Աարգիսեանր Դամասկոսի Օմար Խայեամի անուան ճաշարանին մէջ նստած, ուրկանուածէինք հայկական ցաւերով: եր պարպէինք յաջորդական բաժակներ, խորհելով թէ հայ ցաւի ուրկանէն ազատուելու ամէնէն ապահով միջոցը խմելն է:

ճաշարանը փոքր էր: Տէրը՝ հայուհի մը, որ իր կորսնցուցած երի­տասարդ զաւակին ցաւը լացաւ մեղի, երբ նոր ներս մտանք: Այս հայ կրնոջցաւը մղեց, որ աւելի խմեւնք:

Քիչ անդին տասնեակ մը արաբներ շրջանակ մը կազմած կը ճաշէին աղմկելով հայերու նման: Նկատեցխ որ անոնք ալ կը խմէին: Երբ մեր ու­ ղեղներուն մէջ խմիչքին գոլորշին թանձրացաւ, սասունցի բարեկամս, խօսքը արաբներուն ուղղելով, ըսաւ.– Պարոններ, կը կարծէք թէ միայն ձե^ր մէջ բանաստեղծ մը կայ, ընկերս ալ բանաստեղծ է, ու ցոյց տուաւ զիս։

ճաշարանը այդ խումբով լեցուած էր։ Ահա սեղանէն մէկը դարձաւ ԴԷպՒ ^եզ ու մատը ուղղելովինծի հարց տուաւ,– Դուք բանաստե^ղծ էք:

ե*ըսեն, պատասխանեցի եւ խօսքը ուղղելով ընկերոջս աւելցուցի,- Սասնոյ գառ, ո^վ է այս մարդը: Մեծ բանաստեղծ է, Պէտէուի ճէպէլ կը կոչուի, առիթ է, խօսէ հետը, ըսաւ կարօն:

Արաբ բանաստեղծը կը փորձէր իր սեփական ոտքերուն վրայ կանգեիե Բայց Հ.ԷՐ յաջողեր: Մէյ մը կ իյնար աջ, մէյ մը։ ձախ: Ի վերջոյ իր կող­քի մարզիկը ճ տան թեւերուն ու կանգնիլ ուղող բանաստեղծը պահեցին ուղիղ:

Ահա այդ վայրկեանին, Պէտէուի ճէպէլ, ցուցամատը դէպի աչքս ուղղելով, ըսաւ,– Դուն, բանաստեղծ, կը ճանչնա^ս Աիամանթօն:

ես պահ մը ապշած նայեցայ մեծ գինովին:

կրկնուեցաւ հարցումը, որ պատասխանի հրաւէր մըն էր: Այո, ըսի, կը ճանչնամ Աիամանթօն, տակաւին մանուկ հասակէս: Այն հայը, որ չի ճանչնար Աիամանթօն, հայ չէ:

Պէտէու Ի ճէպէլր, այն ատեն դարձաւ իր սեղանակիցներուն եւ