Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/299

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խստամբեր ձայնով մը, որ կարծես պատիժ մը կր յայտարարէր, պոռաց.– Զեզմէ կր ճանչնայ Սիամանքժօն։ Զայն ծպտուն չելաւ: Այդպէս ալ գիտէի, պոռաց ու կրկներ, բանաստեղծը, այդպէս ալ գիտէի, ամօթ ձեզ, որ հայ մեծբանաստեղծը չէք ճանչնար:

Տասը ամօթ ձեգ: Տասը ցերեկի ու տասը գիշերի ամօթ... (Բանաս­տեղծին ձայնին շեշտր կր զօրանար: Այս անգամ դառնալովինծի, գոռաց գրեթէ, բանաստեղծ ես, կ՚ըսեն, արտասանէ տուն մը քերթուած Սիամանթոյէն, արտասանէ, սա բարեկամներս թող լսեն:

Շուարումի պահ մր ապրեցայ: Ւմ հայերէնէս, Սիամանթոյի հայե­րէնէն սա մաբդիկր ի**նչ պիտի հասկնային...

Ոայց հրաման խնդրանքը կրկնուեցաւ, ոտքի, սկսայ.

– Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես, երդիքներուղ սպիտակ կատարներէն,
Աստղածորան գիշերներու լոյսին տակ
Վարէն ահեղավաղ Եփրատին կ՚ունկնդրէի...
Արցունքով, արցունքով լսեցի, որ աւերակ առ աւերակ
՝Ոու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մր, կոտորածի օր մր, օր մը արիւնի,
Զքեպ եզերող պարտէզիդ ծաղիկներուն վրայ...

Հինա կարգը իմս է, ըսաւ բանաստեղծը։ Այո, հասկցայ, որ արտա­սանածդ Սիամանթոյէն է, քանղի անոր շունչը ղգացի։ Ու ձեռքր երկա­րելով ներկաներուն վրայ աւելցուց.– Ասոնք ալ զգացին այդ շունչը, ան­կախ լեղակն, բանաստեղծին շունչը կր փոխանցուի... Ուրեմն հիմա, զիս լսեցէք.

Ո. Պէ տէուի ճէպէ/ արաբ բանասսւեղծբ սկսաւ արտասանել Սիա­մանթոյի «Պարը» ու արտասանեց արաբերէնով այնպիսի հարաղատութեամբ եււ արուեստի զգացողութեամր, որ ես ականթներուս չհաւատացի...

Ոո/որս յոլզուած էինք, ես աւելի, կարօն ինձմէ աւելի, երբ լեցուց բաժակը օղիով ու ըսաւ.– Ոանաստեդծ Պէտէուի ճէպէլ, ձեր անգին կե­նացը ու պարպեց բաժակը։

ո՛չ՛ ըսաւ արար բանաստեղծը, երիտասարդ, խմէ Սիամանթոյի կե­նացը։

Այս ալ Սիամանթոյի կենացը, ըսաւ կարօն ու պարպեց լեցուած հրկրորդ բաժակը ու չկրցաւ ոտքի մնալ, ինկաւ աթոռին արցունքներու անձնատուր...

Ւսկ դուք, բանաստեղծ, կր զարմանաք, չէ09, որ ես գիտեմ Սիամանթօն, որ Սիամանթօն իմս ալ է, իմ միթո ցովս արաբներուն ալ է։ կարապետ անունով բարեկամ մր ունիմ։ Այս քերթուածը, ան, կարապետը ինծի թարգմանեց ըաո առ բաո ու ես սիրեցի ու թարգմանեցի ու միշտ կարտասանեմ իմ Սիամանթօն։