Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նաթանեանը, որպէս վանեցի, կը ձգտէր խօսիլ արեւելահայերէն: Եղբայրն էր Աուրիա-Լիբանանահայութեան ծանօթ Բարեգործականի գործիչ Միքայէլ Նաթանեանին։

Արաքսին խօսեցաւ իր գրած համեստ յօդուածներուն մասին։

Ամէնէն սակաւախօսը այս եռեակին, Եղիշէ Այվազեանն էրք որ կիսէր թէ իր կեանքը կքանցնի Պոլսոյ ել Փարիգի միջեւ։

Իսկ Նաթանեանը դուրս եկաւ կատարեալ հակասիոնիստ մը։ Մեր դժբախտութիւններուն աղրիւրը սիոնիզմը եղած է ու է*, ըսաւ շեշտուած ձեւով։

Իր գրադարանէն դուրս բերաւ մէկ քանի տասնեակ գիրքեր, զանա­զան եւրոպական լեզուներով, ոտքի վրայ բացաւ նշուած էջեր, ըսածը հաստատելու համար։

Ոտքի, պէտք էր մեկնէի Ռոպերթ Գոլէճի երկրաչափական հիւղի ուսանող ազդականիս Յակոբ Յակոբեանին հետ, որուն համար այս հան­դիպումը հրաշք մըն էր ըստ իր ըսածին։

Եղիշէ Այվազեանը մօտեցաւ ինծի, շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ ցոյց տուած հետաքրքրութեանս համար ու աւելցուրՄի կէտ կայ, որ չէք իմանամ, էս տեղ Թուրքիա է, քիչ աոաջ երբ փողոցում հան­դիպեցիք մեզ, այնպէ՜ս բարձը է իք խօսում հայերէնը, որ կարող է իք խլացնել թուրքի ականջր։ Ւսկ դրա համար պատասխան կը տաք։ Հարց,– Բանի^ օր էք մնալու ԻսթանպուլումՓ ասացիք մի շաբաթ, դէՀ լաւ, ուրեմն, փողոցում եթէ հայերէն էք խօսելու, մի շաբաթ կր խօսէք կամաց, ցածր ձայնոփ եսկ եթէ բարձր էք խօսելու, կը խօսէք թուր­քերէն, ասացիք գիտէք լեզուն, չէ՞։

Ես Ւսթանպուլէն բաժնուեցայ տխուր մտորումներով։ Երբեմնի այս հայկական կեդրոնին մէջ, ուր հարիւր հազարներու կր հասնէր մեր թիւր* ուր հարիւրաւոր տպարաններ ունէինք, մամուլ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, թատրոններ ունէինք, ուր մեր ոսկեղնիկ արեւմտահայերէնը կազմաւորւեցաւ, ուր ստեղծուեցաւ անկորնչելի մշակոյթ, այսօր նոյն այս քաղաքին մէջ, հայերէնը բարձր ձայնով կարելի չէր խօսիլ։

Աեփական հող ունենալ։

Իսկ դասախօսի մր հետ տարակարծութեան մը պատճառով իր սեփական հողէն Իսթանպուլ ինկած էր տաղանդաւոր գրող Եղիշէ Այվազ եանր։

Հալէպ, 1985