Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/300

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հարց մր եւս, երիտասարդ, դուք դտնուա^ծ էք Համայի մէջ. Այո, շատ տարագիր հայեր, թուրքին եաթաղանէն փախչելով, հոն գտած են հաց, ես ալ գիտէք, հալէպցի եմ ու ամէն Դամասկոս գալուս, Համայէն կ քանցնիմ։

Ուրեմն տեսած ես Համայի նաուրան, պարտէզներու թուր մատա­կարարող նա ուր ան:

Այո, տեսած եմ։

ՏեսարՀծ ես, երբ ջուրով լեցուն դոյլերր կր բարձրանան վեր, վեր, դէպի արեւր ու երբ լոյսի ճաոա գայթն երբ կիյնան այդ զուլալ ջուրերուն մէջ, տեսա^ծ ես ծիածաններր բազմաթիւ, համրա^ծ ես այդ գոյները, զանակներր...

Մենք ալ այգպէս ենք, երիտասարդ, երբ երիտասարդ ենք:

Բայց տեսա^ծ ես, պարպու ած, շրջուած դոյլերր... Ահա մենք այդ ժանգ կապաՏ դոյլերն ենք, երբ ակ երիտասարդ չենք...

Ո՛չ. րսի բանաստեղծին, դուք որքան ալ պարպուիք, տալիք ունիք... ոՀչ, համաձայն շեմ ձեզի հետ...

Լաւ, ըսաւ բանաստեղծը, ըոէ ինծի, ի^նչ է սա, որ ունիմ ձեոքերուս մէջ։

Ոաժակ մը օգի, ըսի:

Լաւ, ըսաւ, ճիշդ ես, բաժակ մը օղի։ Մարդիկ ջուր կր լեցնեն բա­ժակիս մէջ ու կր փոխեն գոյնր օղիիս։ Այո, գոյնը միայն։ Օղիիս գոյնը փսխուած է, րայց դադրած է օղի ԸԱալէ, պակսա^ծ է անոր քանակը, բան մը կորսուա^ծ է անոր զօրութենէն։

Ոչ ու ոչ։

Ես ալ բաժակ մր օղի եմ։ Սարդիկ գոյնս փսխել կ^ուզեն... ով յիմարներ, չէք յաջողիր։ Ես բանաստեղծ Պէտէուի ճէպէլն եմ, կր մնամ սար, կր մնամ լեո, որքան ալ փչեն ուժ դին քամիներ, փոթորիկներ։ Փոթորիկը իմ ճակատիս փոշին կր տանի, ամպր ճակատիս քրտինքը կր սրբէ... այդքան։

Աեր Արարատը կր մնայ, չէ^։ կըսեն, թէ ան Թուրքիոյ մէջ է։ Հայ մը Թուրքիոյ մէջ, հայ մը Աարիոյ մէջ, հայ մր Ամերիկայի մէջ, դարձեալ հայ է, հայ է, հ այ է, թող հասկնան...

Սիամանթօն սպաննեցին, Աիամանթօն կայ, կր մնայ, կր պայծաոանայ։

Լեոլ կր մնայ լեո, բանաստեղծը բանաստեղծ, մեծերր չեն մեոնիր, չեն դբաւա իր, կապրին, կր գրաւ են...

Ու նստեցաւ բանաս տ եղծ ր:

Բոլորս լուս էինք։ Ոչ ոք տեղէն կր շարժէր, ոչ դգալի ձայն կար, ոչ պատաոաքադի... բոլորս լուս էինք ու այդ ճաշարանէն, Ղամասկոսի