Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/301

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Օմար Խայեւամ» ճաշարանէն մեկնիչ չէինք ուզեր:

Հոն բանաստեղծ մը իր սիրտի խօսքը ըսած էր։ Հոն բանաստեղծ մը ժողովուրդ մը կր ներկայացնէր, արաբ ժողովուրդը. նաեւ Աիամանթօն, ու Սիամանթոյի ժողովուրդը...

Ու այդ բանաստեղծը Պէտէուի ճէպէլն էր։

Պիտի ըսէք, ՆԻԶԱՈ ԽԱԼՒԼԻն չե՞ս ճանչնար: Ւնչպէս թէ։ կարծես մէկ դարէ ի վեր կր ճան շնամ ղինք։

Ահա մարդ մը, որ Հայ տղոց չկրցաւ արաբերէն սորվեցնել, բայց Հայ տղաքր իրեն սորվեցուցին հայերէն:

Ոմանք Հայագէտ կր կոչեն Նիղարը: Ես գիտեմ որ Հայերու մէջ անգամ հայագէտներու թիւր փոքր է, ներաոեալ Հայաստանը:

Նիղարր պարդ հայերէն մը դիտէ ու յաճախ րաոերու իմաստին լաւ չի տիրապետեր։ Ւնքնուս մըն է։

Ոայց կարեւորը այս չէ։ կարեւորր այն է, որ Նիղարր կանուխէն սիրած է մեր ժ՜ողովուրդն ու մեր գրականութիւնը ել իր ուժերուն ներած չափով կատարած է թարգմանութիւ ններ Հայերէնէ արաբերէնի։

Սա այնպիսի աչխտտանք մրն էէ որուն համար շնորհակալ գործ Է ըսելը քիչ Է:

ճիշդ այս սկզբունքէն երեքով ես գործակցեցայ Նիզարին հետ եւ հոգացի հրատարակութեան ծախսը իր հայերէնէ արաբերէնի թարգմա­նած յաջորդական չորս գիրքերուն։ Յովհաննէս Թումանեանի «Դիգոր»ը, Փրոֆ. կծոյեանի «Մխիթար Հերացի»ն, Փրոֆ. Տոլապճեանի «Լուռ Ղօղանջներ»ր եւ Իսահակեանի «Ոանաստեղծութիւններ ու Արձակ էջեր»ը։ Վեր ջին երեքը իմ յաոաջարանովս:

Նիղարր կր զարմանար, որ այսքան ծախսի ենթարկուելու պատրաստակամութիւնը ունէի։ Եսկ ես կիսէի իրեն.– Նիգար, ժողովուրդներու բարեկամութեան ամէնէն գեղեցիկ ճանապարհը գրականութիւնն է։ Թարգմանութիւններր ճանաչողութիւն կր բերեն։ ճանչնալք սէր կր բերէ։ Դուն եւ ես սիրոյ գործ մր կինենք։ Դուն թարգմանելով, ես հրատա­րակելով։

Նիղարր խման էր։ Ծայրայեղ։ Դէշ աստիճանի մր հասաւ։ Հայաստան ալ գնաց։ Հոն, Երեւանի մէջ երբ զինք որոշած են բուժումի ենթարկել հիւանդանոցի մէջ փախած, վերադարձած էր։

Դացի տեսութեան։ Մեր տուները բաժնող տարածութիւնը հարիւր մեթր չկար։ Գացի։ Նիղար Խալիլեան, րսի, դուն իրաւունք չունիս անձնասպանութիւն գործելու այդքան խմելով։ Այս ըսելս ու իր ոտքը համ–