Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/303

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուրեմն կռահածս ճիշդ էր։ եկողը եղիչէ Արք. Տէրտէրեանն էր։ Ջինք առաջին ան գամ կը տեսնէի:

Թօփակեան, շարունակեց եղիվարդ, բան մը պատմեմ խնդացէք: Նստած էի Պատրիարքարանի մէջ, երուսաղէմ, սարկաւագ մը եկաւ ու ըսաւՊատրիարք Հայր, ամերիկահայ մը կ *ուգէ ձեզ տեսնել:

Թող հրամէ, ըսի։

Մարգը ներս մտաւ, րոպէ մը չափեց զիս վարէն վեր, ու ըսաւ.– Սրբագան Հայր, ճիշդ Ռասբութինի կր նմանիք:

Խնդալս եկաւ: Այդ ամերիկահայուն ըսի*՜ ենոջդ հետ եկա^ծ ես... ըսաւ ու քալեց Եղիվարդ...

Մենք, երեք ս ալ չլմած էինք: Խնդալիք բան մը չգտանք այս պատ­մութեան մէջ։

Եըենք, ըսաւ Թօփալեանը, եԱենք, ալ չենք կրնար շարունակել մեր խօսակցութիւնր։ եկաւ, թունաւորեց մեղ ու գնաց...

Այդ օրէն ասդին անցեր են տարիներ։ Ապատեան Սրբազանն ու Թօփալեանը չկան։ ես անոնց շիրիմներուն տուածեմ այցելութիւն Փարիզ ու Պուէնոս Այրէս, մեր կիսատ թողած խօսակցութիւնր շարունակելու համար։ Թօփալեան ֆրանսական գերեզմանատան մէջ կը հանգչի։ Ապատեան Սրբազանը Պուէնոս Այրէսի հայոց գերեզմանատան մատու­ռին շուքին տակ յաւերժօրէն քնացած է։ «Հայր մեր» մը ըսի իրեն համար ու հասկցայ, որ մոռցած է եղիվարդին հետ մեր հանդիպումը։

ՍեեՏԱ ՍեՒԱՆին անունին հանդիպեցայ Սոֆիայի «երեւան» շաբաթաթերթի էջերուն վրայ։ Հայուհի մը, որ պուլկարերէն կր գրէ։ Քիչ Ժամանակ անց լսեցի, որ Սեւտա Սեւանը հրատարակած՜ է վէպ մը «Ռոտոսթօ, Ռոտոսթօ» խորադիրով։

Թեքիր Տաղը կամ Ռոտոսթոն, ինծի կը յուշեն անունը Վաղգէն Շուշանեանին, որուն մանկութիւնը անցածէ Թուրքիոյ եւրոպական ափի այս գիւղաքաղաքին մէջ.

երեւանի նէջ, հայերէնի թարգմանեցին այս գիբքը։ Թարգմանիչը Պոլլկարիայէն հայրենադարձ Տիկին Թէրգեանն էր։ հ՝տայ, որ Սեւտա Սեւանին այս գործր նէկ շունչով կարդացուելիք գիրք է։

Այս տարուան սկիզբը, տանս մէջ նստած երբ կը կարդայի Շահնուրի «Թերթիս կիրակնօրեայ Թիւր», հեռախօսս գիլ հնչեց։ եանացի ձայն մրն էր, որ կ*ուգէր խօսիլ Թորոսին հետ։ ես եմ, ըսի, հրամեցէք, միւս կողմի