Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/304

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կանացի ձայնր շարունակեց,– Ես, Սեւտա Սեււսնն եմ, մէկ քանի ժամ ու - նիմ Հալէպի մէջ, ձեղ տեսնել կքուզեմ, օթէլ Սիահայի մէջ ձեղ կը սպասեմ։

Ռոտոսթօ, պոռացի րնկալաչէն։

կարդացա^ծ էք, ըսաւ: Անշուշտ, անշուշտ, ըսի, եւ հաւնած եմ։ Գացի հիւրանոց։ Սեւտա Սեւանն ու իր պուլկար ամուսինը կեցած էին հիւրանոցի դրան առջեւ։ Ի դարմանս ինծիք մեր փեսան սորված էր քանի մը հայերէն նախադասութիւններ։ Օրինակ, ան ըսաւէս պուլկար եմ, ես, հայերու փեսան եմ...

Ի դարմանս իրեն, ես մեր փեսային հետ խօսեցայ պո ւլկար եր էն ու զիրենք մեր տունը հրաւիրեցի։

Իրենք Սուրիա կը գտնուէին հրաւէրովը մեր պետութեան: Ուրեմն, ունէին սուրիացի արաբ հիւրընկալ մը։ Պարդ դարձաւ, որ սուրիացի երիտասարդն ալ ուսանածըԱալով Սոֆիայի մէջ, շատ սահուն կը խօսէր պուլկարերէնր ու թարգմանի դեր կը կատարէր։

Օարձրացանք մեր տունը։

Թէ Սեւանր, թէ ամուսինը ջերմ մարդիկ էին։ Խօսեցանք հայ-պուլկարական մշակութային կապերու դօրացման մասին։ Սեւտային ամուսինը այցելած է Հայաստան, ջերմ տպաւորութիւններ ունի, գիրք մը կը պատ­րաստէ։

Սեւտա Սեւան նոր վէպ մը կեանքի պիտի կոչէ շուտով։ Քիչ կը մնան, րայց ահա արաբ երիտասարդը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ «Ռոտոսթօ»ն թարգմանել արաբերէնի։ Իսկ ես, կը հոգամ տպագրական ծախսերը, կիսեմ։ Երկուստեք կ*երկրորդենք մեր խոստումները։

Ես կը սպասեմ սուրիացի հայրենակիցիս խոստումի իրագործման։

Մինչ այդ Սեւտա Սեւանէն նամակ կը ստանամ, ջերմ նամակ մը, րայց մտածել տուող նիւթով մը - կը մեկնիմ Փարիզ, կը գրէ Հայ ար– ձակագրուհին, բաց սիրտի գործողութեան մը համար։

Սեւտա Սեւ ւանի սիրտ, ՀրԱայ դաւաճանես մեր աղջիկին...

ԺԱՈՕԻԹԻԻՆր, Պէյրութ, Խալիլ Պէտէուի թաղի բնակիչ էր։ Ունէր ֆրանսական ուսում։ Ֆրանսերէն գրել կը փորձէր։ հ՝րեց, գրեց, տպագրիչ չունեցաւ։

Մեկնեց աւ Փարիգ ու ալ չլսեցի իր մասին։ Պէյրութի մէջ ղինք հասկցող չգտաւ։

Օրերէն օր մը, տարիներ ետք, փնտռեցի Յարութիւնը Փարիզի մէջ։ Մեծ դժուարութեամբ գտայ։ Ղ՝ ժո լար ու թեա մբ, որովհետեւ փոխած էր թէ անուն, թ չ մականուն։