Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/310

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թիֆլիս վերադարձին, կանչուած է Պերիայի կողմէ։ Այդ Օրը, կամսախուրտիան, համբուրուած է կնոջը հետք այն մտածումով, որ կրնայ ալ չվերադառնալ տուն:

Պերիան զինք ընդունած է յարգալիր, մեծարած է զինք ածական­ներով եւ ըսածՎրաց մեծ գրողը ինչ որ ուզէ, կը տրուի անմիջապէս։

կոստանդինէն կը զարմանայ այս դերասանութեան: Ւրն է խօսքր: երբ դուրս ելայ, արդէն դրան առջեւ, Պերիան ըսաւ ինծի.– եոստանգինէ, բան մը լսեցի, բայց չհաւատացի։ Ւրա՜°ւ է, որ դուն Երեւան գարած ես ու համբուրած ձեռքր հայ տէրտէրի մը: եթէ ճիլդ է, այդ յարմար չէ վրաց մեծ գրողին։

Հասկցայ թէ Պերիային բուն ըսեյփքր այս էր; Դարձայ իր կոդմր եւ բսի.- Սուտ չէ ձեդի տրուած լուրը, րայց սխալ է: ես Ս. էջմիածին գացի եւ յանձին հայոց կաթողիկոսին, համբուրեցի հայ ժողովուրդին ձեռքր: չէ՜ որ եղբայր ժողովուրդներ ենք:

Ո՜չ, ո՜չ, Ո՜չ, շարունակեց իր միտքը Պերիան, վրաց մեծ գրողը պէտք չէ համբուրէ հայ տէրտէրի ձեռքր։ Դնա, ու եթէ որեւէ բանի պէտք ու­նենաս, հեռախօսէ ինծի եւ ուզածդ կը կատարուի:

Եկայ տուն: Խնճոյք կազմակերպեցի; Մինչեւ լոյս խմեցինք։ Մենք ընտանիքով ու մօտիկ բարեկամներով երկրորդ ծնունդս կը տօնէինք:

Զէ որ Պերիային կոդմէ կանչուածը կրնար չվերադառնալ...

կոստանդինէ կամսախուրտիայի այդ գիշերուան բոլոր խօսայաւէտ քանդակուածեն ուղեղիս մէջ: Այդ բոլորր այստեղ չեմ կրնար ար­ձանագրել։ Ոայց ահա հետեւեալ խօսքը չեմ կրնար բարձը ձայնով չաղա­ղակել,– Ոարեւ ըրէ, Թորոս եղբայր, սփիւռքի հայութեան; Թող հայ մնան, թող իրենց հայեացքները ուղղեն Խորհրդային Հայաստանին: Հայոց փրկութիւնը այս հողին վրայ կատարուեցաւ, հայուն շարունակելիութիւնը այս հողով կրնայ ըլչալ միայն:

Ոոլոր փառքերը, հարստութիւնները կ^անցնին: Մենք ալ կ^անցնինք, միակ յաւիտենականր հողն է: Հողին ուղղեցէք ձեր աչքերր:

Հաւախօսին կոստանդինէ կամսախուրտիայէն, վրաց ժողովուրդի այս ձիաւորէն ողջագուրումով բաժնուեցանք:

Մի թէ՞ բաժնուեցանք...