Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/312

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Լարնին րսաւ, թէ ինք, դժբախտարար շատ քիչ բան գիտէ հայ ժո­ղովուրդին մասին։ Գիտէ ու կր սիրէ Խաչատուրեւանր շնորհիւ Լենինկրատի հեռատես իքին, զոր յստակ կր դիտեն Հե/սինքֆորսի մէք ֆիններր այդպէս կր կոչեն իրենց մայրաքաղաքը։ Ծանօթ է ու շատ կր սիրէ Սարոյեանր, այդքան։

Ես ալ Սիպելիուսր կր ճանշնայի ու կր սիրէի, Կալեվալան գիտէի։ Մէկը բաղդատեցի մեր եոմիտասին, իսկ երկրորդը՝ Աասանցի Գաւիթին հետ։ Ուրախացաւ։

Այն ու հետեւ համառօտ պատմեցի ամբողջ պատմութ՜իւնը հայոց, Հայկ Նահապետէն մինչեւ թրքական ցեղասպանութիւն ու Խորհրդային Հայաստան:

Մարթթին Լարնին լուռ մտիկ կքրնէր, երբեմն ստորակէտելով խօսքս հարցումներով։

ի վերջոյ, ուզեցի փոխել խօսակցութեան նիւթը։ Ոացի ձեռքի փորը պայուսակս, հանեցի հայկական քոնիաքի շիշ մր ու ըսի, սա Հայաստանի արեէ ով խմորուածէ։ Խմոցը վէպ մր կր գրէ։ Ոոլորս խնդացինք։

Այս գրքոյկները, հայկական ճարտարապետութիւնը կր ներկա­յացնեն։ Գաղափար մը կրնաք կազմել։

Իսկ այս գիրքին բովանդակութիւնը, վստահ եմ, դուք անգիր գիտէք։ Վերցուր գիրքր ու առանց ներքին էջերը բանալու ըսաւ.– Ոայց այս տա­ ռերուն անծանօթ եմ, ինչպէ^ս պիտի գիտնամ բովանդակութիւնը գիրքին։ Ոացէք առաջին էջը, ըսի։ Երբ բացաւ, աչքերր լայնցան, ոչ թէ խաւարէն, այլ գիրքին արձակած լոյս էն.– խնչ կր տեսնեմ, ըսաւ։

Զեր գիրքն է, ըսի, ձեր գիրքր, «Գեղեցկուհի խոզարածը», թարգ­մանուած՝ հայերէնի։

Ամբ ողջ Հայաստանը սիրահարուած է ձեզի, մանաւանդ աղջիկները, քանի որ ձեր այս գիրքով կը պախարակէք տղամարդերը ու գսվքը կը հիւսէք Եւայի ցեղին։

Գրագէտին աչքերը լեցուեցան։

Իսկ ես մտովի կըսէի.– Հայաստան, լաւ գործ մը ըրած ես, թարգ­մանած ես ֆին գրողին գիրքր ա տպած, ինչո^ւ հեղինակին օրինակ մը չես ղրկած, կամ գէթ տեղեակ չես պահած։ Զէ որ հեղինակի մր համար ուրախութիւն է թարգմանուիլը...

Ու Վիալային դառնալով րսի, անպայման եկէք Հայաստան, բայց ձեր ամուսինը մինակ չթողուք, որ գայ Երեւան։ Մեր աղջիկները կը յափըշտակեն զինք։

Լարնիները խոստացան անպայման գալ Երեւան։

Երկու տարի ետք, «Երեկոյեան Երեւան» օրաթերթին մէջ, նստած Լենինեան պողոտային նայող տանս լուսամուտին առջեւ, կարդացի փոքր