Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/320

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Զիկ Տամ ատեանը, Հոն, ինծի նուիրեր իր մէկ լուսանկարը։

Այւ լուսանկարին մէջն ալ արծիւի կը նմանի ինք։

ՍԱՐԴԻՍ ՍԵԼԵԱՆին ծանօթացայ Պուքրէշի մէջ։ Հոն, «Նոր Կեանք» Հայատառ ամսագիրին խմբագիրն է։ Համալսարանական է Սարդիս Սելեան: Ծնած է Սեւ Ծովի ափին ալիքուոգ Րոսթանցա քադաքին մէջ, ուր էր երբեմն հայոց թիւը նկատելի էր, ուր էր երբեմն, հայ յեղափո­խականներ Ժոզովներ կը գումարէին Արեւմտահայաստանր ազատագրելու համար օսմանեան թուրքերու լուծէն։

Գր աճանաչ կը դառնալ իր ծննդավայրին մէջ։ Տետոյ կանցնի մայ­րաքաղաք։ Րարձրագոյն ուսում ու յանկարծ հայերէն թերթի խմբագ­րութիւն: Իրը կոտրտած հայերէն մըն է։ Աղքատ։ Րայց աշխատանքի, նուիրումի եռանդով հարուստ է Սելեան։ Ամէն օր քիչ մը աւելի կը սորվի հայերէնը։

Հիմա, բաւ ական լաւ կը գրէ։ Սելեանը հարուստ է մանաւա նդ հայ հոգիով։ Այդպէս գտայ ղինք։ Այդ մասին կր վկայեն իր հայ գրականութենէն ռումաներէնի թարգմանած ու հրատարակածգիրքերը։

Ամէն ինչ կ*րնէ Սարդիս Սելեան, «Նոր Կեանք»ին մէջ հայ կեանք մտցնելու համար։

Իրեն հետ երկրորդ հանդիպումս եղաւ «Նոր Կեանք»ի խմբագրատան մէջ։ Կազմակերպած էին երեկոյ մր նուիրուած հայ թեր թին։ Մէկտեղուած էին չուրջ հարիւր հայ։ Ամբողջ Պուքրէշր երկու հազայւ հայ հազիւ թէ ունի։ Հարիւր հայու իրարու մօտ գալը արդէն երեւոյթ է։

Սարդիս Սելեան զեկոյց մը կարդաց ռումաներէն լեզուով, որմէ գրեթէ ոչինչհասկցայ։ Րայց վեւրջին խօսքը պարզ էր ինծի համար։ Այդ նա­ խադասութեան մէջ անունս կար։ Ի^նչ կիսէ Սելեանը իմ մասիս, հարցուցի կոՂքիս նստող հայուն։ Ձեզ բեմ կը հրաւիրէ, ըսաւ։

Կերեւի Սելեանը կարծեց, թէ ես ռումաներէն ալ գիտեմ։

Երբ բեմ բարձրացայ, հարց տուի, թէ ի^նչ կ ո լզէին ինձմէ։ Երգիչ չեմ ըսի, դերասան չեմ, ի^նչ կրնամ ըներ

Խօսեցէք, ըսին, (յիր աղի եւ Վարուժանի մասին։

Խօսեցայ։ Սարդիս Սելեանը ներկաներուն անունով շնորհակալու­թիւն յայտնեց ինծի։ Յետոյ նեւրկաներէն շատեր մօտեցան ինծի։ Հայկականաթիլն յորդող կարօտ կտր ըոլորին աչքերուն մէջ, ձեռքի սեղմումներուն մէջ, ձայնի թրթիռնեւրան մէջ։

Սարդիս Սելեանը լալ հայ մըն է։ Խմբագիր մր։ Րաղաքացի մր։