Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/322

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մակերպէր հայ նկարիչին մեծցուցահանդէսը

Ահա Հալէպէն կայծ մը եւս, որ լոյս տուած է Ռումանիոյ։

Հայաստանի կրթական Բարձրագոյն Հաստատութիւններէն շատ շրջանաւարտներ ունինք արդէն։ Երբ Երեւան Սփիւռքէն ուսանողներ կան­չեր հայրենիք, չատելւ թերահաւատ էին արդիւնքին նկատմամբ:

Այսօր Երեւանէն շրջանաւարտ սփիւռքահայ տղաքը քիչ մը ամէն տեղ կշիռ ունին:

Ժամանակին, կփսէին Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն շրջա­նաւարտ այսինչը, Թիֆլիսի Ներսէսեանէն այնինչը, Ս. էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանէն շրջանաւարտը, Պոլսոյ Պէրպէրեանէն, կեդրոնականէն, կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանէն, կիպրոսի Մելգոնեան կրթա­կան Հաստատութեւնէն, Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճէն կամ Փալանճեան ճեմարանէն շրջանաւարտ այսինչները։

Հիմա սկսած են ըսել Երեւանի շրջանաւարտները։

Տեղ մը խմբագիր են, տեղ մը տնօրէն կամ ուսուցիչ, աեղ մը հանրային գործիչ, տեղ մը ազգային պարերու պարուսոյց, տեղ մը բեմադրիչ։

Ահա հալէպահայ գաղութը հարուստ է Երեւանէն շրջանաւարտներով։

ԳԲԻԳՈԲ ԲԷԷԷՇԵԱ Նին մասին պիտի խօսիմ։ Մեր երիտասարդները սկսած են դառնալ գործնապաչտ։ Երեւանի մէջ ըսած եմ Բէլէշեանին, Գրիգոր, բեմադրի^չ պիտի ըրաս։ Այո, անշուշտ, պատասխանած է ան։ կենսաշահոյթդ ինչպէ^ս պիտի հոգաս։ Ջահանդամը, ինչ պիտի լինի թող լինի, պատասխանած է ան։

Բէլէշեանր դարձաւ բեմադրիչ։ Երբ աչքերը բացաւ Հալէպի մէջ, իր հայրը Պետրոս Բէլէշեանր տեսաւ բեմին վրայ։ Հայրը դերասան էր։ Ինքն ալ դարձաւ բեմադրիչ։

Գրեթէ երկու տասնեակ տարիէ ի վեր Հալէպ վերադարձած է ՝Բէլէշեանը եւ նոյնքան մը գործ բեմադրած Հ.Ե.Ընկերակցութեան իր գլխաւորած «Ադամեան» թատերախումբին միջոցով։

Թատրոն եւ Բէլէշեան նոյնացած են։ Բէլէշեանը թատրոնէն դուրս կը նմանի ջութակը կոտրուած ջութակահարի։ Գրամոլ է եւ ընթերցասէր։

Բնաւորութիւնը քիչ մը կարծր է։ Ոմանք իր հետ չեն կրնար ապրիլ։ Իր կարծրութիւնը կը բխի անկեղծութենէ մը, որ ինքնեկ է։

Ուրիշներ ալ կան Հալէպի մէջ, բեմադրիչ Մանուէլ Բէշիշեանը, որ տակաւին չկրցաւ ինքզինք լայնօրէն դրսեւորեւլ, ժան Ֆարրան, ծագումով