Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/323

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զէյթունցի Հին ՀալէպաՀայ, որ նոր սկսաւ գործել, Յարութիւն Զննողեանը, որ ապացուցեր նորութիւններ բերելու իր յատկութիւնը ու Դամաս­կուէի մէջ Սանուէլ ճիճիեանը, որ ոչ միայն Հայկական, այլեւ արաբական թատրոնի մէջ մուտք գործեց ու սիրուեցաւ Հաւ ասարապէս թէ* Հայ, թէՀ արաբ Հանդիսատեսին կողմէ իր նորարական խելօք լուծումներով:

Տակաւին կայ խմբավար Պօղոս Ապաճեանր, որ երկու երգչախումբ կր ղեկավարէ «Զուարթնոց»ն ու «Նարեկացի»ն: Արդէն քսանամեայ վաստակ ա նի:

Կայ պարուսոյց ԱրրաՀամ կոստանեանը, որուն մարզած Ն.Ս.Մ.Մ.ի խումբր արժանացաւ պետական գնաՀատանքի:

Սան ուսուցիչներ, ազատ ասպարէզներու Հետեւող երիտասարդներ... Ոտնակ մրն են ու բոլորը ունին մէկ անուն,

- Երեւանի Ոարձրագոյն կրթութեան Հաստատութիւններէն շրջա­նաւարտներ...

Ե^րբ եղած էր այսպէս... Միայն այսօր, երբ Հայը դարձաւ պետական ժողովուրդ։

ՅԱՍՈՈ ՎԱՈԴՒՎԱՌԵԱՆի Նիւ ճրրղիի տանր ակումբի վերածուած էր 1984ի Հոկտեմբեր -Նոյեմբեր ամիսներուն:

Այնքան ելքումուտք կար իր տունին մէջ, որ տեսնողը կր կարծէր, թէ ընտրական կեդրոն մրն է այս տունը:

ԱշխարՀի շատ երկիրներէն պէյրութաՀայ «ՎաՀրամ Փափաղեան» թատերախումբի տդաքը մէկտեղուած էին Նիւ Եորք, տօնելու Համար իրենց խումրին գոյութեան քսանՀինգամեակր:

Ու Հակաոակ բեմադրիչներ Դրիգոր Աաթամեանի եւ Պերճ Ֆաղլեանի ոգեշնչոդ ներկայութեան, գործին կիզակէտր Վարդիվառեանն էր:

Մարդ միայն ներկայ ԸԱալու էր Հոն, տեսնելու Համար թէ Յակորը որպիսի եռանդով, Հաւատքով, նուիրուածութեամբ գործի լծուած էր։

Ես ղինք Պէյրութէն կր ճանչնայի: Ոարեկամիս Հայկազին տդան էր։ Այդր ան: Հիմա տեսածս ուրիշ մէկն էր։ Համակ եոանդ, Համակ նուի­րում: Այս Հենքէ տդոց թիւր եթէշատնայ, մենք դադութներու մէջ Հրաշք­ներ կրնանք գործել:

Հապա Յակոբին ունեցած դրականութի^ւնը, թերթերու պաշարը, արխիլային նիւթեր/ւ, զարմացուցին զիս: Մենք անՀատապէս Հալէպի կամ Պէյրութի մէջ այդպիսի պաշար ունեցող չունինք։

ԱՀ ա թէ ինչու Յակորը կրցած էր խմբագրել գիրք մը Պէյրութի «ՎաՀրամ Փափաղեան»թատերախումբիքսանՀինգամեակին նուիրուած։