Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/327

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նախկին մելգոնեանցիներ Տէր եւ Տիկ. Խաժակ Պալատունիները եւ Տէր եւ Տիկ. Սմբատ Տէրունեանները; Լաւ երեկոյ մըն էր։

Յաջորդ օրը բարձրացանք Այն Նիքոլա, ուր մէկ քանի տասնեակ մելգոնեանցիներ Հաւաքուած էին; Հոն էր դասընկերուհիս՝ Անին իր ամուսինին եւ երկու աղջիկներուն հետ; Ւնչ անակնկալ ու սիրտ լեցնող հանդիպում:

Ե/անք Թրոտոսի լեռներր, ուր տակաւին շէր տարածուածթրքական բանակին մշուշը: Եժ. Ալեքսանեանին կինը իր մելանոյշ ձայնով երգեց տպաւորելով ունկնդիլւները: Անմոռանալի օր մրն էր։

Այդ օրէն ասդին, շատ առիթներ ունեցած եմ Ոժ, Տիգրան Ալեքսանեանր տեսնելու։ Մերթ երեւան, մերթ Միլանօ, մերթ Վենետիկ, ուր երկուքս ալ գացած էինք հայ բժիշկներու միջազգային երկրորդ համա­գումարին:

Հայ բժիշկներու համագումար, ուր միայն Տիգրան Ալեքսանեանին ու իմ եւլոյթները հայերէն լեղուով կատարուեցան: Երկու մելգոնեանցիներու ելոյթներր:

Երբ իրար տեսնելու առիթը չունինք, կր թղթակցինք:

ք^միշկ Ալեքսանեանը կր վարէ Միլանի Հ.Ո.Ը.Միութեան ատե­նապետի պաշտօնը:

եիպրոս եղած միջոցիս յիշեցի Մելգոնեանի յունարէն լեցուի ուսու­ցիչը՝ բանաստեղծ ԹԵՖ՝ՅՈՍ ԱՆԹՒԱՍր։ Ենչ բարեհամբոյր մարդ էր: Զինք յիշելով փափաքը ունեցայ ծանօթ անա/ու կիպրայոյն գրողներու:

Ահա արձակագիր ՓԱՆՈՍ ՊԷՈՆՒԴՒՍր, որ իր բարձրագոյն ուսումը Աոֆիա ստացած ըլլալուն, կրցաւ հետս պուլկարերէն խօսիլ ու ինծի ծա­նօթացնել մէկ քանի կիպրացի յոյն գրողներ:

Անոնցմէ էր բանաստեղծ ԱԽՒԼՒԱՍ ԵՒԼԻՍԴՒՍը, որ միաժամանակ խմբագիրն էր «Նոյի էպոխի» - Նոր Դարաշրջան - պարբերականին:

Այո չոխ գրողները գրական երեկոյ մր կազմակերպած են: Զիս ոտլ տարին իրենց հետ: Ժամանակակից գրականութեան մասին տաք վիճա­բանութիւն մր կալեկոծէր սրահը, ուր մԼկ քանի հարիւր գրասէրներ հա­ւաքուած էին:

Այսքա^ն գրասէր, այս փոքր կղղիին մէջ, Աթենաս Պաըա^սր ղրկած արդեօք զիրենք։ Ու այնպիսի վէճ մը, ղոր դուրսէն լսողները կոիւ պի կարծեն անպատճառ: Ոչինչ կր հասկնամ հատ ու կենտ քառերէ բացի, քանի որ խօսակցութիւնր յունարէնով է: