Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/331

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ա ՆԴՈԱ ՆԻկ ԶԷԼԷՊԵԱ Նը Յեսապ ծնաւ, ուսումը ստացաւ Հալէպի մէջ, մեկնեցաւ Պէյրութ, հիմա կը բնակի Տիթրոյթ, Միացեալ Նահանգներ։ Շատ մի գտնէք այս տեղափոխութիւնները հայու մը համար։

Ջինք կը յիշեմ Հալէպի Գոլէճէն, ուր 1944 թ ուականին, երբ ես կաւարտէի ութներորդ կարգը, ինը աւարտեց սոֆոմորր ու մեկնեցաւ Յեսապ, ուսուցչութեան։

Դպրոցին մէջ աչքառու աղայ էր։ Ագգային, րնկերային հարցերով հետաքրքրուող մէկը։

Շրջան մը ետք ինչպէս Զէլէպեանը, ես ալ Պէյրութ հաստատուեցայ ու պատահեցաւ այնպէս, որ մենք նոյն թաղի բնակիչներ ԸԱանք։ Ուրեմն, յաճախ կը տեսնէինք ղիրար։

Պրպտող, կարդացածը իւրացնող, բայց հարցերը իր ըմբռնումի քու­րայէն անցնելէ ետք ընդունող մէկն էր։

Մեծ էր իր սէրն ու հիացումը Զօր, Անդրանիկի նկատմամր։ Ուր որ երկու տող գտնէր այս մեծ հայուն մասին, կը կարդար, կը պահէր։

Տարիներ ետք տեսայ, թէ Անդրանիկր սկսած է հանդէս գալ հայ մամուլին մէջ. կը գրէր սփիւռքը հետաքրքրող հարցերու շուրջ։

Զարմանալի ներքին ուրախութիւն մր կապրի մարգ արար ածը, երբ տարիներու իր մէկ ծանօթր գտնէ մամուլի մէջ։ Իւրայատուկ ջերմութիւն մը կը զգայ։ Զէ պատահած ձեզի։

Մանկութեան ընկեր մը ունիմ, որ վերջեըս, յիսունը անցնելէ ետք սկսած է յօդուածներ ստորագրել իր անուան սկղբնատառերով Վ.Ս.։ Առաջին անգամ երբ «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ հանդիպեցայ իր գրու­թեան, աչքերուս չհաւատացի։ կարդացի երկրորդ, երրորդ, Հորրորդ Ղլածը եւ զարմանալի ուրախութիւն մր ապրեցայ։

Նոյն զգացումը ունեցայ հետեւ ելով Անգրանիկ Զէլէպեանի յօդլածներուն։

1980ին, աիթրոյթ էի։ կր պատրաստուէի ղինք փնտռել, երբ դէմս ելաւ։ Ուրախացանք ըսելը քիչ էր։ Յայտնեց ինծի, թէ գիրք մը կը պատ­րաստէ Զօր. Անդրանիկի մասին։ Ոնական գտայ։ Երիտասարդութեան տարիներէն Անդրանիկի հոգին լեցուած էր «իբրեւ արծիւ» սաւառնող մեր հերոսով։

Հիմա, այդ ծաւալուն գիրթը ձեոքերուս մէջ է ու կր վկայէ Զէլէպեանի անդույ ճիգերուն մասին։

Անգրանիկ Զէլէպեանը կր սիրէը վիճիր Ս ենք ալ այս գիըքին