Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/332

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

արւիթով վիճելի մէկ քանի կէտեր գտանք, բայց հոս տեղր չէ վիճա­բանութեան: Այս տողերով միայն կբ շնոբհաւոբենք Զէլէպեանր ու իր գիրքր երեւոյթ մը կը նկատենք: Այդ գիրքր Ամերիկայի մեջչծնաւ։ Անոր խանձարուրը է^եսապի մէջ էր։

ՀՈԱՆԴ ԳԷՈՐԳԵԱՆը կեանքի երկար ճանապարհ մը կտրած է Հալէպ ծնելով ու Հալէպ վերադառնալով:

Մելգոնեան կրթարանի մէջ, վարսեղ եանաչեանը այս տղուն մէջ յայտնաբերած էր երաժիշտը։

Խմբավարի շնորհք ու ստեղծագոբծելու եռանդ ունէր։ Խումբեր ղե­կավարեց Ղամասկոսի եիպրոսի, Պկյրութի, երեւանի ու Հալէպի մէջ, միջոց մը նաեւ Փարիդ։

Յօրինեց մէկ քանի երդ։ Անկասկած աւելին կրնար ընել, րայց իր կեանքի պայմաններուն հոլով ոյթր զինք մղեց աւելի դէպի ուսուցողական ասպարէզ։

Ղ՝արձաւ երաժշտագէտ ուսուցիչ։

Ւրեն հանդիպած եմ իր ապրած բոլոր քաղաքներուն մէջ։ Ամէն տեղ զինք գտած եմ դաշնամուրի առջեւ, երաժշտութեան հետ։

Խստապահանջ ուսուցիչ մըն է։ Ունի պաշտամունքը է ո միտ ա սին։ Այդ պատճառով որդին անուանեց Աոմիտաս, մէկը, որ իր կարգին իր բոլոր ուժերը նուիրած է երաժշտութեան ու հասած1 որոշ յաջողութիւնն եր ու Փարիղի մէջ։

Հրանդ Գէորգեանը, բուն անունով Հացիկեան, ինքնակենսագրական բնոյթով գիրք մը հրատարակեց։

Այժմ կապրի Հալէպի մէջ եւ իր աշակերտներուն տարեկան հա­մերգներովը կը ներկայանայ հասարակութեան:

Գէորգեանին Հալէպ հաստատուիլը երաժշտական որոշ աշխու­ժութիւն մր բերաւ մեր քաղաքին:

Ափսոս, որ Հրանդ Գէորգեան չնուիրուեցաւ ստեղծագործական աշխատանքի ու ինչպէս մեր բանաստեղծութեան մէջ Մկրտիչ Պէշկէօթիւրեան կը յիշուի միայն իր «Արինգ»ովք այնպէս ալ Գէորգեանը կը յիշուի Մեծարենցի բանաստեղծութեան համար գրած՝ «հիշերն Անոյշ ե»Ի եղանակով։

Վերադարձ մը դէպի ստեղծագործական աշխատանք միշտ սպասեւի է։